image

Աթէնքի եւ յունական տարբեր քաղաքներու մէջ հաւաքներ՝ յանուն Արցախի

Աթէնքի եւ յունական տարբեր քաղաքներու մէջ հաւաքներ՝ յանուն Արցախի

Օրերս Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած է հաւաք՝ յանուն Արցախի։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Աթէնքի մէջ տպագրուող «Ազատ օր» պարբերականէն։

Աղբիւրը նշած է, որ բացի Աթէնքէն հաւաքներ կայացուած են յունաստանեան տարբեր քաղաքներու մէջ, իսկ հաւաքները եղած են Եւրոպայի Հայ Դատի մարմնի նախաձեռնած «Եւրո­պա­ցի­ներ յա­նուն Արցախի» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս։

Յու­նաս­տա­նի հա­յա­հոծ տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ, ըն­դա­ռա­ջե­լով հա­մեւ­րո­պա­կան կո­չին, յու­նա­հա­յու­թեան զան­գո­ւած­նե­րը ի­րենց մաս­նակ­ցու­թեամբ զօ­րա­վիգ կանգնե­ցան ար­ցա­խա­հա­յու­թեան հիմ­նա­հար­ցին եւ պա­հան­ջե­ցին Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ա­պօ­րի­նա­բար բան­տար­կո­ւած Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թեան ան­մի­ջա­կան ա­զա­տագրու­մը։

Ա­թէն­քի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի, ­Սեր­րե­սի եւ ­Գա­վա­լա­յի մէջ տար­բեր հա­ւաք­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, յու­նա­հա­յու­թիւ­նը իր ձայ­նը միա­ցուց «Եւ­րո­պա­ցի­ներ յա­նուն Ար­ցա­խի» շար­ժու­մին եւ պա­հան­ջեց կա­սեցնել Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, որ Ար­ցա­խի ա­պօ­րի­նի գրա­ւու­մէն ետք, կը սպառ­նայ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան վրայ։

Յու­նա­հայ գա­ղու­թի ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան, հո­գե­ւոր, միու­թե­նա­կան եւ կա­ռու­ցա­յին գոր­ծօն­նե­րու հա­մախմ­բու­մով, յու­նա­հա­յու­թիւ­նը որ­պէս մէկ ձայն իր բո­ղո­քի ընդվ­զու­մը ար­տա­յայ­տեց, ներ­կա­յաց­նե­լով թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը, ո­րոնք լուրջ սպառ­նա­լիք կը դառ­նան տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս։