image

Հրատապ / Ի՞նչ վիճակ է Գամիշլիի հայաբնակ թաղամասերուն մէջ

Հրատապ / Ի՞նչ վիճակ է Գամիշլիի հայաբնակ թաղամասերուն մէջ

Գամիշլիի «Արեւելք»ի աղբիւրը կը պատմէ՝ 

 

 «Գամիշլիի մէջ արդէն երկու օր է՝ քրտական ընդհանուր զօրահաւաք կը կատարուի։ Այն ուղղուած է քրտական ինքնապաշտպանութեան՝ թէ՛ Գամիշլիի, թէ՛ այլ շրջաններու մէջ։ Շուկան հիմնականին մէջ փակ է, իսկ մեր՝ արտադրական եւ արհեստաւորական ոլորտի պարագային՝ որոշ տեղեր բաց են, որոշներն ալ փակ։ 

Քաղաքի կեանքը ընդհանուր առմամբ բնականոն է։ Սակայն երեկոյեան ժամը եօթէն մինչեւ առաւօտեան ժամը եօթը տեղաշարժը սահմանափակուած է, թէեւ անցուդարձ կայ, երթեւեկութիւն ալ կայ, եւ քանի մը ճաշարաններ բաց կը մնան։ Սահմանափակումներ կան, բայց խիստ միջոցառումներ չեն կիրառուիր։

Հասաքէի (Հասիչէ) մէջ վիճակը նոյնն է։ Այնտեղի մեր  հարազատներուն  հետ ժամ առ ժամ կապի մէջ ենք։ Հասաքէն տակաւին քրտական վերահսկողութեան տակ կը գտնուի, իսկ պետական ուժերն ու անոնց յարակից ջոկատները քաղաք չեն ներխուժած։

Ինչ կը վերաբերի Իրաքին եւ Թուրքիոյ, ապա վերջին տարիներուն հազարաւոր սուրիացի քիւրտեր տեղափոխուած են այդ երկիրներ՝ աշխատանք գտնելու կամ պետական զինուորական ծառայութենէն խուսափելու նպատակով։ Այսօր անոնք , թէ՛ Իրաքի մէջ, թէ՛ Թուրքիոյ Մսերին քաղաքին մէջ (որ Ղամիշլիին կից քաղաք է), որ շարժման մէջ են։

Երէկ գիշեր Թուրքիոյ կողմը սահմանին վրայ հազարաւոր մարդիկ հաւաքուած էին՝ աջակցելու Սուրիոյ քիւրտերուն։ Նոյնը տեղի ունեցաւ Արաբունարի՝ Այն Արապի (Քոբանիի) թուրքական կողմը, որ նոյնպէս սահմանակից գիւղաքաղաք մըն է։ Այնտեղ ալ հազարաւոր մարդիկ ցոյցերու դուրս եկան՝ ի աջակցութիւն Սուրիոյ քիւրտերուն։

Քիւրտերը ընդհանուր զօրահաւաք կը կատարեն, որովհետեւ իրենց գոյութեան ուղղուած վտանգ կը զգան։ Այդ իսկ պատճառով է, որ երէկուընէ ի վեր Եւրոպայի զանազան քաղաքներու մէջ ալ քրտական համայնքները ցոյցերու դուրս եկած են։ Բոլոր այդ շարժումները ուղղուած են Ռոժաւայի քրտերուն փրկութեան եւ աջակցութեան։