image

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Աւզրուկ հայաբնակ գիւղի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Աւզրուկ հայաբնակ գիւղի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ

Օրերս, Սրբոց Վարդանանց տօնին առթիւ, Իրաքի Աւզրուկ հայաբնակ գիւղի Սուրբ Վարդան եկղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցած է՝ Հանդիսապետութեամբ Իրաքի Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ՝ լրատւութիւնը։

Հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի` Հինգշաբթի, Փետրուար 27ին ի Տօնին Սրբոց Վարդանանց Զօրավարացն,  Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Աւզրուկ  հայաբնակ գիւղի  Սուրբ Վարդան եկղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Էրպիլի եւ Տհոքի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ`  Տ․ Արթուն Քհն․ Խալաթեանի եւ Տ․ Մասիս Քհն․ Շահինեանի։ Պատարագը,  որու ընթացքին կատարուեցաւ  Հարիսայի օրհնութիւն`  մատուցեց  արժ. Տ.  Սեպուհ Քհն.  Պաղտասարեանը։ 

Այս հոգեշէն արարողութեան Ներկայ եղան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան  և Թաղական խորհուրդներու ատենապետներն ու անդամները։