Պոլսահայ մտաւորական, «Ակօս» պարբերականի վաղամեռիկ խմբագիր Հրանդ Տինքի անունով Փարիզի մէջ վայր պիտի անուանակոչուի:
Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջով գրած է Փարիզի քաղաքապետի՝ Եւրոպայի, միջազգային յարաբերութիւններու եւ Ֆրանքոֆոնի հարցով տեղակալ Առնօ Նկաթչան:
Փարիզի քաղաքապետին տեղակալը գրած է, որ Յունուար 19-ին կ'ոգեկոչեն 15 տարի առաջ Սթամպուլի մէջ սպաննուած պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի մահուան 15-րդ տարելիցը: Ան յիշեցուցած է, որ Տինքը արժանացած է Oxfam Novib մրցանակի խօսքի ազատութեան, հայերու եւ թուրքերու հաշտեցման ուղղութեամբ կատարած աշխատանքին համար: «Փարիզը յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ անոր յիշատակին՝ քաղաքին մէջ անոր անունով վայր անուանակոչելով Փարիզ 13 թաղամասին մէջ», գրած է Նկաթչան: