image

Փարիզի մէջ Շառլ Ազնաւուրի անունով հրապարակ անուանակոչուած է

Փարիզի մէջ Շառլ Ազնաւուրի անունով հրապարակ անուանակոչուած է

Փարիզի քաղաքապետարանը շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուրի անունով անուանակոչած է Ֆրանսայի մայրաքաղաքի 8-րդ թաղամասի հրապարակը, որ քաղաքի պատմական կեդրոնի մէջ է՝ Էլիզեան դաշտերուն մէջ։ 

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է BFMTV-ն: 

Քաղաքային խորհուրդն այդ կերպ որոշած է յարգանքի տուրք մատուցել Ազնաւուրին, որու երգերուն մէջ առանձնայատուկ տեղ գրաւած է Փարիզը։

Արուեստագէտի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած միջոցառման ներկայ եղած են Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօն, Ազնաւուրի հարազատներն ու ընկերները։

Ազնաւուրի անունով հրապարակն անուանակոչելու որոշումը Փարիզի քաղաքային խորհուրդն ընդունած էր 2023 թուականի դեկտեմբերին։ 2021 թուականին անոր կիսանդրին բացուած է Փարիզի Օտէոն թաղամասին մէջ, ուր Ազնաւուրն անցուցած է իր մանկութիւնը։