ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքը ամէն տարի Փետրուարի վերջաւորութեան հոգեհանգստեեան արարողութիւն կը կատարէ ի յիշատակ ՀՕՄուհիներուն եւ բարերարներուն:
Այս տարի եւս ՀՕՄ Հայաստանի Շրջանային վարչութեան որոշումով, Հայաստանի բոլոր մասնաճիւղերը միեւնոյն օրը՝ Փետրուար 26-ին, տեղւոյն եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին ի յիշատակ հանգուցեալ ՀՕՄուհիներուն եւ նահատակ տղոց:
Երեւանի մէջ հոգեհանգստեան պաշտօնը տեղի ունեցաւ Եռաբլուր Պանթէոնի Սրբոց Վարդանանց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ: ՀՕՄուհիները յարգանքի տուրք մատուցեցին՝ ի յիշատակ առյաւետ հեռացած ընկերուհիներուն եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար անմահացած հերոսներուն։
Արարողութեան ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Համեստուհի Սասունեան, Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ Զոյա Քոչարեանն ու վարչական անդամուհիները, նաեւ Երեւանի մասնաճիւղերէն անդամուհիներ։
Ծաղիկներ խոնարհուեցան Անյայտ զինուորի յուշաքարին եւ Սօսէ մայրիկի շիրիմին մօտ։ Այս սուրբ վայրին մէջ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհին յարգանքի եւ խոնարհման խօսք ուղղեց բոլոր նահատակ տղաներուն եւ հանգուցեալ ՀՕՄ-ուհիներու վառ յիշատակին։