1859--1919
Սիրտս իր գաղտնիքն ունի, կեանքս իր ցաւը գաղտնի,
Յանկարծական, յաւերժական սէր մը անբաւ.
Ցաւն անբոյժ է, ստիպուեցայ ծածկել զանի,
Եւ զայն առթողն անկէ կասկած չունի բնաւ:
Ես իր քովէն պիտի անցնիմ անտե՜ս, աւա՜ղ,
Միշտ իրեն մօտ, այլ միշտ մինակ, լուռ եւ անբան.
Եւ իմ կեանքիս ալ մինչեւ ծայրն հասնիմ նուաղ,
Չհամարձակած ուզել, ոչ ալ առած մէկ բան:
Իսկ ինքն, որ քաղցր եւ հեզ թէպէտ ստեղծած է Տէր,
Պիտ’ընթանայ խուլ , մտազբաղ եւ անտարբեր
Այն մրմունջին սիրոյ, որ շուրջն իր բարձրանայ:
Եւ պատկառոտ իր երկիւղած պարտքին հլու՝
Պիտ’ըսէ, երբ իրմով լի այս տողն ընթեռնու.
«Ո՞վ է արդեօք այս կինն...»− ու պիտ’չհասկնայ:
(1892) Ալեքսանդր Փանոսեան
* *
*
1862--1937
Գաղտնիք մ’ունի հոգիս, եւ կեանքս մի խորհուրդ,
Յաւերժական սիրոյ մի հուր յանկարծավառ,
Անյոյս է ցաւս, ուստի եւ զայն չառի ի շուրթ,
Եւ զայն առթողն անոր գիտակ չեղաւ իսպառ:
Ա՜հ, իր մօտէն պիտի անտես անցած ըլլամ,
Միշտ իրեն քով, բայց եւ այնպէս միշտ միայնակ.
Եւ պիտ’հասնիմ մինչեւ կեանքիս հուսկ յետին ժամ՝
Բան չստացած եւ խնդրելու անհամարձակ:
Մինչ ինք՝ թէպէտ տիրաստեղծ, գողտր, հեզ արարած,
Պիտ’ընթանայ անմտադիր ու անկասկած,
Խուլ՝ մրմունջին սիրոյ, որ իր շուրջ կը յառնու:
Երկիւղածիկ, հլու պարտքին պատկառելի,
Պիտի ըսէ, երբ կարդայ այս տաղն իրմով լի.
«Ո՞վ է արդեօք այդ կինն»,− առանց հասկնալու:
(1892) Գառնիկ Ֆնտըգլեան
1880—1915
Կեանքս իր գաղտնիքը ունի, հոգիս՝ խորհուրդն իր մթին,
Յաւիտենի սէր մը, որ վայրկեանի մը մէջ ծնաւ.
Մարդու չըսի, վասնզի դարման չկայ այս ցաւին,
Եւ զայն ինծի առթողը լուր չունեցաւ իսկ բնաւ:
Աւա՜ղ, իր քով աննշմար պիտի անցնիմ ես, իրա՜ւ
Միշտ իրեն մօտ եւ սակայն միշտ ալ լքուած, առանձին,
Մինչեւ ծայրը բոլորեմ պիտի շրջանը կեանքին՝
Վախնալով բան մ’ուզելու, չստացած բան մը բնաւ:
Իսկ ան, թէեւ Աստուած զինք կերտած է հեզ ու սիրուն,
Ան՝ մտացիր իր ճամբան պիտի երթայ, քայլերուն
Ետեւ հնչող այս սիրոյ մրմունջն առանց լսելու:
Խղճի դաժան պահանջին խոր հաւատքով մը հլու՝
«Ո՞վ է արդեօք այդ կինը» պիտի ըսէ, երբ կարդայ
Իրմով լի այս տողերը եւ պիտի չհասկնայ:
(1912) Փայլակ (Սայապալեան Ժագ)
* *
*
Ռուբէն Սեւակ իր կարգին ներքաշուած է առվերագիտութեան ծիրէն ներս. իր այս հակումը արտայայտած է ազատ թարգմանութեամբը pastiche-ի մը, որ կը համապատաս-խանէ մեր երրորդ յօդուածի թիւ 3-ին, որ Մեսրոպ Նուպարեան իր կարգին թարգմանած է:
Ասոնք անշուշտ երկու ինքնուրոյն՝ ազատ թարգմանութիւններ են:
Ռուբէն Սեւակ
1885--1915
Ինչո՞ւ այսպէս կը մրմնջես գաղտնապէս
Թէ հոգիիդ մէջ ծընած սէրն անմոռաց
Անդարման ախտ մ’է, թէ լըռել պէտք է քեզ
Եւ թէ քու սէրէդ նէ ոչինչ չէ գիտցած ։
Բնա՜ւ չէիր կրնար անցնիլ դուն անտես
Եւ պէտք չէ քեզ նկատէիր մենակեաց.
Սիրելագոյն հոգիները մերթ այսպէս
Չկրնալով հայցել՝ ոչինչ չեն գտած ։
Աստուած մեզի՛ պարգեւեց սիրտ մ’զգայուն.
Եւ շատ քաղցր է լսել է՛ն պարզ կնկայ քով՝
Իր քայլերէն ծնող մրմունջը սիրոյն ։
Նէ՛ որ կ’ուզէ մնալ պարտքին իր հլու ,
Յուզուեցաւ, երբ կարդաց քերթուածն լի իրմով,
Լուռ հասկցաւ, բայց … կը քաշուէր ըսելու … ։
Արմենակ Եղիայեան