image

Սուրիոյ «պատերազմական» գերիներու տագնապը չէ աւարտած. Ճոնի Ալ Տաուտի պատմութեան հետքերով

Սուրիոյ «պատերազմական» գերիներու տագնապը չէ աւարտած. Ճոնի Ալ Տաուտի պատմութեան հետքերով

Քրիստոնեայ եկեղեցւոյ հետեւորդ եւ Սուրիոյ քաղաքացի Ճոնի Տաուտի պատմութիւնը մէկն է այն հարիւրներէն, որոնք ինչ-ինչ դաժան պայմաններու տակ գերեվարուեցան եւ Սուրիոյ արիւնալի պատերազմի ամենածանր փուլերուն ամէնօրեայ դրութեամբ ապրեցան մահուան եւ կեանքի սեմին։

Պայքար մը, որ կը շարունակուի այսօր եւս եւ տխուրն այն է, որ տարիներէ ի վեր շարունակուող սուրիական պատերազմի զոհերու մեծագոյն տոկոսը անոնք են, որ ոչ մէկ կապ ունին պատերազմի իրական դրդապատճառներուն հետ։

«Արեւելք» կը ներկայացնէ սոյն պատմութիւնը, յուսալով, որ դարձեալ ազատութեան մէջ կը յայտնուին այն տասնեակ հայ գերիները, որոնք  առեւանգուած են, ու ապա յայտնուած բանտի ճաղերու ետին։

Օրերս, Սուրիոյ մէջ, ազատ արձակուած է 10 տարի գերութեան մէջ մնացած Սուրիոյ քաղաքացի Ճոնի Ալ Տաուտ: Մեծ ուրախութեան մթնոլորտի մէջ ան վերադարձած է իր ընտանիքին ու եկեղեցւոյն: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Aci Mena կաթողիկէ համայնքի լրատուականէն:

Մարդկային յուզիչ պատմութեան մը անդրադառնալով, աղբիւրը մանրամասնութիւններ հաղորդած է սուրիացի սարկաւագ Ճոնի Ֆուատ Ալ Տաուտի մասին, որ 10 տարի գերութեան մէջ անցուցած է: 

Սուրիոյ բախումներու սկզբնաւորութեան, Ճոնին կորսնցուցած է իր տունը Հոմսի մէջ: Ապա զինուորական ծառայութեան ընթացքին հանդիպած է մեծ դժուարութիւններու: Ան իր ընկերներուն հետ շրջապատուած մնացած է «Ապու Ալ Զուհուր» անունը կրող զինուորական օդակայանին մէջ, ուր ստիպուած եղած են խոտ ուտել սնունդի պակասի պատճառով: Ապա գերեվարուած է 2015 թուականին: 

Ճոնին ամբողջ տասնամեակ մը ապրած է բանտին մէջ՝ առանց կապ ունենալու արտաքին աշխարհին հետ, առանց տեղեկութիւններ ունենալու ընտանիքին մասին, ան միայն տարին անգամ մը՝ Ռամատան ամսուան ընթացքին հեռաձայնի կարճ զրոյցով կապուած է անոնց հետ:

Չնայած ան չէ ենթարկուած խոշտանգումներու, սակայն մեկուսացումն ու հիւանդութիւնը (ներառեալ «Քորոնա»ով վարակուիլը) գրեթէ խորտակած են զինք...։

Ճոնին խոստովանած է, որ ունեցած է կասկածի եւ հիասթափութեան պահեր, նոյնիսկ հաւատքը կորսնցուցած է Աստուծոյ հանդէպ, որովհետեւ զգացած է, որ Աստուած լքած է զինք: Բայց ան վերականգնած է իր հաւատքը այն երազէն յետոյ, երբ Աստուած միեւնոյն ժամանակ «թէ՛ յանդիմանած է, եւ թէ հանգստացուցած» է զինք։

Սուրիոյ մէջ եղած իշխանափոխութիւնէն ետք 2 Մարտ, 2024-ին, Ճոնին ազատ արձակուած է եւ փոխադրուած Եագուպիէ գիւղը (Իտլիպի գիւղական շրջաններէն), ուր ջերմօրէն դիմաւորուած է տեղացիներուն կողմէ։ Երբ ան զանգած է եղբօրը եւ ըսած «Ինծի համար ընթրիք պատրաստէ, ես այս գիշեր տուն պիտի ըլլամ», եղբայրը ուրախութենէն սկսած է գոռալ: 

Հոմսի մէջ, Եպս. Եաաքուպ Մուրատ եւ Ճոնիին ընտանիքը դիմաւորած են զինք արցունքներով եւ ցնծութեամբ: Ան տարիներէ ետք առաջին անգամ ըլլալով մտած է եկեղեցի` մասնակցելու Ս. Պատարագին: 

Ապա գացած են Ճոնիին գիւղը` Մասքանէ, ուր նոյնպէս ուրախութեամբ նշած են իր վերադարձը, իսլամներն ու քրիստոնեաները բոլորը եկած են զինք ողջունելու, ինչ որ իր խօսքով «տեսարան մըն էր, որ ջնջեց իմ բոլոր տառապանքները»:

 

«Արեւելք»ի համար նիւթը պատրաստեց՝ Թ. Գասպարեան