image

Հիւրերու շարքին էր Տ. Խորէն արք.ը.Մեծ շուքով տեղի ունեցած Կիպրոսի Գէորգ արք.ի գահակալութիւնը (Լուսանկար)

Հիւրերու շարքին էր Տ. Խորէն արք.ը.Մեծ շուքով տեղի ունեցած Կիպրոսի Գէորգ արք.ի գահակալութիւնը (Լուսանկար)

Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն արք. Տողրամաճեան, ով  դրական մեծարելի աշխատանք կը տանի Կիպրոսի կրօնական շրջանակներուն եւ համայնքներուն հետ, օրերս մասնակցութիւն բերած է կղզիի ուղղափառ եկեղեցւոյ գլխաւոր պետի Արք.  գահակալութեան արարողութեան։ 

 

 Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Կիպրոսի Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Կիրակի, 8 Յունուար 2023-ի կէսօրէ ետք ժամը 16:00-ին, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան իր հետ ունենալով Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալգլճեանը, ընդառաջելով Կիպրոսի նորընտիր Արքեպիսկոպոս՝ Գերշ. Գէորգ Գ.ի հրաւէրին, ներկայ գտնուեցան Ս. Բարնաբաս Առաքեալի անուամբ նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ Արքեպիսկոպոսի գահակալութեան արարողութեան:

Ներկայ էին Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Պրն. Նիքոս Անասթասիատիսը, Բարթոլէմէոս Տիեզերական Պատրիարքի եւ Հռոմի Ֆրանսիս Պապին ներկայացուցիչները, Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Երոնիմոս Բ. Արքեպիսկոսը, Խորհրդարանի նախագահը, Սինոտի եպիսկոպոսները, օտար երկիրներու առաջնորդ սրբազաններ, դեսպաններ, քաղաքական պաշտօնական դէմքեր, տասնեակ յոյն եւ օտար հոգեւորականներ բոլոր յարանուանութիւններէն, Իմամ Շաքիրը, հարազատներ, պաշտօնական հրաւիրեալներ ու հարիւրաւոր հաւատացեալներ:

Սրբազան Հայրը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Կիպրոսի Հայ Ուղափառ Առաքելական Եկեղեցւոյ, Հոգեւոր Դասուն, Երեսփոխանական ու Ազգային իշխանութեանց եւ յանուն Կիպրահայ Գաղութին, շնորհաւորեց Կիպրոսի նորընտիր Գէորգ Գ. Արքեպիսկոպոսը: