image

Հիւպատոս Մանուկեան այցելած է Զախոյի կառավարիչին

Հիւպատոս Մանուկեան այցելած է Զախոյի կառավարիչին

Իրաքեան Քիւրտաստանի մէջ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոս Արշակ Մանուկեան օրերս այցելութիւն տուած է Զախo։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրպիլի մեր աղբիւրէն։

Կը նշուի նաեւ, որ ՀՀ հիւպատոսը իր այցելութեան շրջանակներուն մէջ հանդիպում ունեցած է Զախոյի կառավարիչ տիար Կուհտար Շեխոյին հետ։ 

Հանդիպումը, որ առաջին էր իր տեսակին մէջ եղած է առիթ, որ ՀՀ դիւանագէտը իր շնորհաւորութիւնները յայտնէ պատկան մարմիններուն Քիւրտիստանի անկախ վարչական միաւորում հռչակման առթիւ։

Նշենք, նաեւ, որ պրն. Հիւպատոսի պատուիրակութեան անդամակցած է Զախոյի հայկական համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մասիս Քհնյ. Շահինեանը։