image

ՀՀ զինուժը պատրաստ էր 2-3 անգամ գերազանցող ուժը դիմակայելու. Դաւիթ Տօնոյեան

ՀՀ զինուժը պատրաստ էր 2-3 անգամ գերազանցող ուժը դիմակայելու. Դաւիթ Տօնոյեան

Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման առումով ՀՀ զինուած ուժերը պատրաստ էին իրենցմէ երկու–երեք անգամ գերազանցող ուժը դիմակայելու`հաշուի առնելով պատրաստուածութիւնն ու աշխարհագրութիւնը եւ այն բնագծերը, ուր մեր զինուժը կը գտնուէր։ ՀՀ Ազգային Ժողովի 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներն ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի նիստին յայտարարած է պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեան` անդրադառնալով հարցին, թէ իր պաշտօնավարման ընթացքին ի՞նչ վիճակի մէջ էր ՀՀ բանակը։

«Այն, ինչ ասում եմ, դա ոչ թէ սուբյեկտիւ գնահատականներ են, այլ հաշուարկուած, յստակ գնահատուած եզրակացութիւն է։ Պաշտպանական կեցուածք ունենալու առումով զինուժի կեցուածքը բաւարար էր»,– ընդգծած է ան։

Ան նշած է, որ իր խօսքը չի վերաբերիր զինամթերքի յագեցուածութեան, քանի որ այդ առումով ամէն ինչ զէրօ եղած է` կործանիչ ռազմական օդանաւ չենք ունեցած։ «Մենք յենւում էինք ռուսական կործանիչների վրայ»,– աւելցուցած է ան։

Այս մասով որոշ տեղեկութիւններ Դաւիթ Տօնոյեանը նախընտրած է հրապարակել նիստի փակ հատուածին։