image

ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան նկատմամբ ոտնձգութիւններու զսպման անհրաժեշտութիւն կայ. Միրզոյեանը՝ Պոնոյին

ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան նկատմամբ ոտնձգութիւններու զսպման անհրաժեշտութիւն կայ. Միրզոյեանը՝ Պոնոյին

Հոկտեմբեր 11-ին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպած է Միացեալ ՆահանգներուԿովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ Լուիս Պոնոյին:

Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին՝ Արարատ Միրզոյեանն ընդգծած է ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան նկատմամբ ոտնձգութիւններու զսպման, իսկ Ատրպէյճանի կողմէ ատոնց բացակայութեան հաւաստման պարագային՝ այդ երկրի կողմէ խաղաղութեան գործընթացին մէջ կառուցողական ներգրաւուելու անհրաժեշտութիւնը:   

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի 100 հազարէ աւել բռնի տեղահանուած հայերու համար առկայ մարդասիրական մարտահրաւէրներու եւ իրաւունքներու հասցէագրման շուրջ:

Նախարար Միրզոյեանն ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը փաստացի ենթարկուած է էթնիք զտման՝ ի հեճուկս միջազգային գործընկերներու, այդ շարքին՝ Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ հասցէական կոչերու: Արարատ Միրզոյեանը շեշտած է, որ 21-րդ դարուն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի՝ իրենց հայրենիքէն զանգուածային տեղահանման կանխման ձախողումը հերթական անգամ կը վկայէ նման իրավիճակներու մէջ միջազգային դերակատարներու կողմէ յստակ քայլերու անհրաժեշտութեան մասին: