image

ՀՀ Կառավարութիւնը 20 միլիառ դրամի առանց տոկոսի վարկ յատկացուց Արցախին

ՀՀ Կառավարութիւնը  20  միլիառ դրամի  առանց տոկոսի վարկ յատկացուց Արցախին

Հայաստանը 20 միլիառ դրամի անտոկոս վարկ պիտի տրամադրէ Արցախի Հանրապետութեան։ Համապատասխան որոշման նախագիծը ներառուած է կառավարութեան հոկտեմբեր 27-ի նիստի օրակարգին մէջ։

Գումարը պիտի տրամադրուի Արցախի կառավարութեան՝ 2020 թուականի պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած բնակիչներու համար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակելի տուներու կառուցման եւ կահաւորման, ինչպէս նաեւ դրամատուներու հանդէպ ունեցած պարտաւորութիւններու ֆինանսաւորման համար։

2022-ի պետական պիւտճէով նախատեսուած է, որ Հայաստանը 144 միլիառ դրամ միջպետական վարկ պիտի յատկացնէ Արցախին: 2020-ին վարկի չափը 64 միլիառ դրամ էր, իսկ 2021-ի պիւտճէով նախատեսուած եղած է Արցախին յատկացնել 64 միլիառ դրամի չափով վարկ, բայց անհրաժեշտութենէն ելլելով, եւս 64 միլիառ դրամով վարկի ծաւալը աւելցուած էր: