Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ընդունած է Կանանց, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հարցերով ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Իրեն Ֆելինի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Զրուցակիցի խնդրանքով Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ կառավարման եւ որոշումներու կայացման գործընթացներուն մէջ ներգրաւուած կանանց վերաբերեալ ցուցանիշեր`ընդգծելով, որ ՀՀ կառավարութիւնն աշխուժ քայլեր կը ձեռնարկէ անոնց ներգրաւումը նաեւ անվտանգութեան ոլորտի մէջ ընդլայնելու ուղղութեամբ:
ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակէն յայտնած են, որ երկուստեք ընդգծուած է քաղաքականութեան մշակման, բանակցութիւններու վարման եւ անվտանգութեան հարցերուն մէջ կանանց մասնակցութեան ու ձայնի լսելի ըլլալու կարեւորութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին կողմերն անդրադարձած են նաեւ ՀՀ-ՆԱԹՕ երկկողմ համագործակցութեան օրակարգին ու ընթացիք ծրագրերուն: