image

ՀՀ ԱԳՆ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի քայլերը

ՀՀ ԱԳՆ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի քայլերը

 

Մէկ անգամ եւս կ'ընդգծենք, որ ատրպէյճանական կողմը ներխուժած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածք: Այս մասին ըսուած է ԱԳՆ տարածած յայտարարութեան մէջ, որ ուղղուած է միջազգային գործընկերներու յայտարարութիւններուն` կապուած մեր սահմաններուն ստեղծուած իրավիճակի հետ:

 

Մենք բարձր կը գնահատենք մեր միջազգային գործընկերներու կոչերն ուղղուած Ատրպէյճանին՝ անյապաղ դուրս բերելու իր զինուած ստորաբաժանումները ՀՀ տարածքէն:

ՀՀ ԱԳ նախարարութիւնը յոյսով է, որ ատրպէյճանական կողմը կ'անսայ այդ կոչերուն եւ չերթար իրադրութեան հետագայ լարման:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը վճռական է բոլոր միջոցները ձեռնարկել՝ ապահովելու իր տարածքային ամբողջականութիւնը, որու մասին տեղեկացուցած է նաեւ իր գործընկերներուն տարբեր հարթակներով: