image

Հետաքրքրական առաջարկներ ունիմ Կովկասի անվտանգութեան հարցով․ Լուքաշենքօն՝ Փութինին

Հետաքրքրական  առաջարկներ ունիմ Կովկասի անվտանգութեան հարցով․ Լուքաշենքօն՝ Փութինին

Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն Մինսքի օդակայանին մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, որ «շատ հետաքրքիր առաջարկներ ունի մեր տարածաշրջանի եւ Կովկասի անվտանգութեան հարցով»։

Ան նշած է, որ այդ առաջարկները լրջօրէն քննարկուած են Ատրպէյճան կատարած իր այցի ընթացքին։

Պելառուսական պաշտօնական լրատուամիջոցներու կողմէ հրապարակուած այդ կարճատեւ տեսանիւթին մէջ Լուքաշենքօն այլ մանրամասնութիւններ չէ յայտնած։

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահը Պելառուսիա ժամանած է 23 մայիսի ուշ երեկոյեան։ Փութինն ու Ալեքսանտր Լուքաշենքօն Մինսքի օդակայանին մէջ կարճատեւ զրոյց ունեցած են, որմէ ետք շփումը շարունակած են ոչ պաշտօնական մթնոլորտի մէջ։

Հանդիպման ընթացքին Լուքաշենքօն նշած է, որ քննարկումներու ընթացքին առաջնահերթութիւնը տրուած է անվտանգութեան հարցին։