image

Կոչ կ՚ընենք Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Աջապահեանին չթաքնուելու եւ ներկայանալու իրեն սպասող Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան խումբին. ԱԱԾ

Կոչ կ՚ընենք Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Աջապահեանին չթաքնուելու եւ ներկայանալու իրեն սպասող Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան  խումբին. ԱԱԾ

ՀՀ քննչական կոմիտէն հանրային քրէական հետապնդում յարուցած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի նկատմամբ։ Այս մասին յայտնած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը։

ՀՀ քննչական կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ քննուող քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին որոշում կայացուած է ՀԱԵ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի (Գէորգ Արտաշէսի Աջապահեան) նկատմամբ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 422-րդ յօդուածի 2-րդ մասով հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու մասին, այն բանի համար, որ ան զանգուածային լրատուամիջոցներու, տեղեկատուական եւ հաղորդակցական արհեստագիտութիւններու օգտագործմամբ, իշխանութիւնը զաւթելուն եւ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչեր կատարած է: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ԱԱԾ-ն:

Նշուած է, որ այդ կապակցութեամբ, 2025-ի յունիս 27-ին, որոշում կայացուած է ազատութեան մէջ գտնուող մեղադրեալ Գէորգ Աջապահեանի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու նպատակով դատարան ներկայացնելու համար ձերբակալելու մասին: Որոշման իրագործումը յանձնարարուած է ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան։  

ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը իր հաղորդագրութեամբ կը յորդորէ քաղաքացիները «զերծ մնալ իրավիճակը լարելուց, չխոչընդոտել իրաւապահ մարմինների օրինական որոշումների իրագործմանը»։ Ծառայութիւնը նաեւ կոչ կ՚ընէ Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Աջապահեանին «չթաքնուել իրաւապահ մարմիններից եւ ներկայանալ իրեն սպասող Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան օպերատիւ խմբին»։

Այս իրադարձութիւնները կը զարգանան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դարպասներու մօտ ստեղծուած լարուած իրավիճակին զուգահեռ, ուր հաւաքուած քաղաքացիները թոյլ չեն տար ոստիկանութեան եւ ԱԱԾ աշխատակիցներուն մտնել տարածք։