Միքայէլ Աջապահեանի բնակութեան հասցէիին մէջ կը կատարուին անհրաժեշտ քննչական եւ վարութային գործողութիւններ։ Այդ մասին յայտնած են ՀՀ քննչական կոմիտէէն։
Լրատուամիջոցները գրած են, որ ոստիկաններ կան Շիրակի թեմի առաջնորդարանի մօտ, զուգահեռ վաղ առաւօտէն այնտեղ կը հաւաքուին քաղաքացիներ։ Նշուած է նաեւ, որ Միքայէլ Աջապահեանը թեմին մէջ չէ, այլ մեկնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ մասնակցելու Քահանայից ժողովին։
Յունիս 26-ին յայտնի դարձաւ, որ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի նկատմամբ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է։
Ըստ դատախազութեան հաղորդագրութեան՝ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի՝ «երկրին մէջ ռազմական յեղաշրջում ընելու» յայտարարութիւններու վերաբերեալ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է` իշխանութիւնը զաւթելուն, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուն, ինքնիշխանութենէն հրաժարելուն կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչեր ընելու համար։
«2025 թուականի յունիսի 17-ին նախաձեռնուել է քրէական վարոյթ՝ Քրէական օրէնսգրքի 422-րդ յօդուածի 2-րդ մասով (իշխանութիւնը զաւթելուն, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուն, ինքնիշխանութիւնից հրաժարուելուն կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչեր անելը)»,- յայտնած են դատախազութենէն: