Մայր Աթոռի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ. իրաւապահները կը փորձեն ձերբակալել Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը։ Թէեւ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը յայտարարած էր, որ պիտի երթայ իրաւապահներու հետ, սակայն քիչ անց հրմշտոց սկսաւ, որմէ ետք ան վերադարձաւ ու գնաց Վեհարան, ուր պէտք է բարձրաստիճան հոգեւորականներու մասնակցությամբ ժողով կայացուի։
Ավելի վաղ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը յայտարարած էր, որ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը փաստաբանի ուղեկցութեամբ պիտի երթայ իրեն ձերբակալելու համար Մայր Աթոռի տարածք մտած իրաւապահներու հետ, իսկ միւս հոգեւորականները պիտի հաւաքուին վեհարանին մէջ՝ ժողով կայացնելու եւ իրենց ընելիքները որոշելու համար։
«Ինչպէս նախատեսուած էր, այսօր մենք ունենք ժողով, Սրբազանը հիմա գնալու է մեր փաստաբանի հետ, մենք կը գնանք վեհարան, այնտեղ կը համախմբուենք, մեր քննարկումները կ՚ունենանք եւ եզրայանգում կ՚անենք մեր հետագայ գործողութիւնների համար։ Մենք ամենայն ջանք ի գործ ենք դնելու, որպէսզի արդարութիւնը գործի»,- յայտարարած էր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը։
Այս պահուն կը ղօղանջեն Մայր Աթոռի զանգերը։
Հոգեւորականներէն մէկը Մայր Աթոռի տարածքին մէջ գտնուող լրագրողներու հետ զրոյցին յայտնած է, որ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի ինքնազգացողութիւնը վատացած է։