Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարած է, թէ տակաւին մանրամասն կերպով ծանօթ չէ Իսթանպուլին մէջ Քիեւին պաշտօնապէս յանձնուած յուշագրի բնագրին։
«Սակայն այն, կարծես, աւելի շատ վերջնագրեր կը պարունակէ, քան լուրջ առաջարկներ»,՝ մտահոգութիւն յայտնած է Զելենսքի։ Ուքրանիոյ նախագահը քննադատած է 2-3 օրով տեղային հրադադարի հաստատելու Ռուսիոյ առաջարկը։
«Անոնք պատրաստ են զինադադարի՝ զոհուածներու աճիւնները հաւաքելու համար։ Կը կարծեմ՝ անոնք յիմարներ են։ Զինադադարը իրականութեան մէջ պէտք է, որ այլեւս նոր զոհեր չըլլան։ Հրամանատարները արդէն, այսպէս թէ այնպէս, կը փոխանակեն զինուորներու մարմինները։ Մոսկուա պարզապէս կը փորձէ դիւանագիտութեան նմանակում մը ստեղծել՝ ամերիկեան պատժամիջոցներէն խուսափելու համար»,-ըսած է Զելենսքի։
Ան նաեւ իր աջակցութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի գաղափարին՝ քառակողմ հանդիպում մը կազմակերպելու Զելենսքի–Փութին–Թրամփ–Էրտողան մակարդակով։