«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ ՀՅԴ Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տօքթ. Արմէն Մազլումեան:
-Ի՞նչ են ձեր ակնկալիքները յառաջիկայ ընտրութիւններէն։
Յոյսով եմ կը ձեւաւորուի ազգային դիմագիծով խորհրդարան եւ կառավարութիւն, որու հիմնական նպատակը կ'ըլլայ ազգային շահեր հետապնդող եւ դիմագիծ ունեցող պետականութիւն հիմնել։ Կարեւոր է նաեւ Հայաստանի միջազգային վարկի բարձրացման համար առնուելիք քայլերու դիմելը եւ խուսափիլ անցեալի բացասական երեւոյթներէն։
Անշուշտ այդ բոլորը պէտք է կատարուին՝ խուսափելու համար դժգոհութեան ցանկացած ալիքէ, որուն ականատեսն եղանք 2018-ին, եւ որուն պատճառով ալ եղաւ իշխանափոխութիւն ու ընթացք տրուեցաւ ազգակործան այն գործընթացին, որու ականատեսը եղանք ազգովին:
-Ներքին լարուածութիւնը կը շարունակուի, մեծ հաշուով բախումներու կամ յաւելեալ լարուածութեան մտավախութիւններ ունի՞ք։
Խիստ մտահոգիչ կը տեսնեմ այս նախընտրական արշաւի ընթացքին իրար հանդէպ հայհոյանքները, նուաստացումները, վիրաւորանքները, անհանդուրժողականութիւնը, որոնք իմ կարծիքով կը խորացնեն արդէն իսկ 3 տարուան ընթացքին յառաջացած բեւեռացումը, սպիտակներու եւ սեւերու բաժանումը: Պէտք է ամէն ինչ ընել խուսափելու համար ներքին բախումներէ: Այս ընտրութիւններու արդիւնքը պէտք է ըլլայ միասնութիւնն ու համերաշխութիւնը՝ մեր պետութիւնը ոտքի կանգնեցնելու, բանակը վերականգնելու, սփիւռքի ներուժը օգտագործելու համար, ի շահ մեր պետականութեան զարթօնքի եւ վերելքի: Անթոյլատրելի են այլեւս քաղաքական սայթաքումները:
-Նոր խորհրդարանի կազմութենէն ու կառավարութեան կազմութեան յաջողումէն ետք, ի՞նչ պէտք է ըլլան Հայաստանի իշխանութիւններուն ընելիքները։
Տնտեսութեան հզօրացման կողքին, կարծեմ հիմնական եւ դժուարին աշխատանքը պէտք է ըլլայ արտաքին քաղաքականութեան նոր հայեցակարգ կազմելը, աւելի լուրջ մօտենալ Մերձաւոր Արեւելքին, Հայաստանը ընկալել, որպէս անոր կարեւոր մասնիկը, եւ համապատասխան քաղաքականութիւն մշակել, չսահմանափակուելով միայն տեղւոյն հայկական գաղութներու հետ գործակցելով։ Կարեւոր է նաեւ վերականգնել Հայաստանի խաթարուած յարաբերութիւնները տարածաշրջանի հիմնական խաղացողներու հետ՝ Հայաստանը զերծ պահելով տարածաշրջանին մէջ միջազգային ուժերու բախումներէն, որոնք վերջերս տեղի ունեցան մեր հողերուն վրայ:
Յառաջիկայ շրջանին հայկական դիւանգիտութիւնը հսկայական աշխատանք պէտք է տանի վերականգնելու մեր կորսնցուցած դիրքերն ու վարկը եւ հակակշռելու Ատրպէյճանի կողմէ ձեռք բերուած առաւելութիւնները:
Նաեւ, հայ մտաւորականութիւնը կրկնակի դերակատարութիւն պէտք է ունենայ յառաջիկային՝ թոյլ եւ պարտուողական մտածողութիւնը դուրս բերելու մեր հասարակութենէն, ձեռք մեկնելով անոր դէպի փայլուն, զարգացող, եւ արդար ապագայ: