ԱՄՆ-ի Լոս Անճելըս նահանգի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան վերջերս կազմաւորուած «Լոս Անճելըսի յատուկ միջոցառումներու յանձնախումբ»-էն (LASEC) ստացած ենք հետեւեալ թղթակցութիւնը։
Նշենք նաեւ, որ շնորհիւ մասնաւորապէս ամերիկահայ մեր հայրենակիցներու ճիգերուն կարելի կ՚ըլլայ նոր եռանդ եւ աւիւն հաղորդել հայրենի մեր երիտասարդութեան եւ երիտասարդութեան ճամբով ամբողջ հայ ժողովուրդին։
«Արեւելք» Անգամ մը եւս կ՚ողջունենք ի մասնաւորի Լոս Անճելըսի մէջ կազմաւորուած ՀԲԸՄ-ի նոր մարմնին գործունէութիւնը եւ յաջողութեան խօսք կ՚ուղղենք անոր պատկան մարմիններուն։
ՀԲԸՄ-ի յարգելի բարեկամներ,
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, նոր կազմաւորուած «Լոս Անճըլըսի յատուկ միջոցառումներու յանձնախումբը» (LASEC) մեկնարկեց իր առաջին գործունէութիւնը՝ յատուկ նպատակի մը համար:
Անոնք հանգանակեցին $25,000 Հայաստանի՝ ՀԲԸՄ «Նայիրի» ճամբարին համար։
ՀԲԸՄ «Լոս Անճըլըսի յատուկ միջոցառումներու յանձնախումբը», Շաբաթ օր, 18 Յունիս, 2022-ին դրամահաւաք մը կազմակերպեց ի նպաստ ՀԲԸՄ «Նայիրի» ճամբարին։ Այն տեղի ունեցաւ Մանուկեան Տէմիրճեան վարժարանի, Նազարեան կեդրոնին մէջ, որ Քալիֆորնիոյ «Գանկօ Փարք»ին մէջ կը գտնուի։
Ճամբարը կը գտնուի Հայաստանի Կոտայք մարզի Հանքաւան գիւղին մէջ: Ան ստեղծուած է Արցախեան աւերիչ պատերազմէն զոհուած եւվիրաւորուած զինուորներու երեխաները պատսպարելու համար։ 2021-ին՝ առաջին համագումարին այն տեղաւորած է 200 երեխաներ՝ երկու հանգրուանով, երկու շաբաթ տեւողութեամբ: Ճամբարը կ՚ընծայէ հանգիստի եւ ուսուցման հնարաւորութիւններ: Երեխաները հնարաւորութիւն կ՚ունենան մասնակցելու արշաւներու, մարզաձեւերու, արհեստներու եւ արուեստներու՝ թատրոն եւ այլն: Յատկանշական է, որ կան ծրագիրներ, որոնք յատուկ նախագծուած են վերացնելու համար երեխաներուն հոգեկան խոցերն ու տագնապները, որոնք հետեւանքներն են սարսափելի պատերազմին ու ահաւոր կորուստներուն:
Մենք յոյսով ենք, որ նմանատիպ փորձառութիւններէ անցած հասակակիցներուն հետ կապ հաստատելով, այս երեխաները կը կարենան զարգացնել իրենց ընկերային յարաբերութիւնները, եւ ապահով զգալով՝ հնարաւորութիւն կ՚ունենան իրենց զգացումները քննարկելու, եւ այսպիսով կը սկսի անոնց բուժման ընթացքը։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց հանդիսավար Յովիկ Անթապեանը, որմէ ետք հնչեցին ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի օրհներգերը՝ Վարանդ Աւանէսեանի կատարմամբ, որուն յաջորդեց Տէր Գէորգ Ապեանի աղօթքն ու մաղթանքը՝ փոխանցուած թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի կողմէ: Բացման խօսքը արտասանեց ՀԲԸՄ Լոս Անճըլըսի, յատուկ միջոցառումներու յանձնախումբի ատենապետուհի Աստղիկ Տատուրեանը, որմէ ետք ան արտասանեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու պարը» բանաստեղծութիւնը։
Պէթի Քոչեանը՝ փոխատենապետուհին, որ այս միջոցառման առաջամարտիկ կազմակերպիչներէն էր, ամէն օր ջանասիրաբար կ՚աշխատէր Աստղիկին հետ:
Յովիկ Անթապեանը՝ յանձնախումբի հասարակական կապերու պատասխանատուն, որ կազմակերպեց ծրագիրը՝ ստեղծելով հաղորդակցական հիմնական երկխօսութիւնը ՀԲԸՄի անդամներ՝ Անիթա Անսըրեանի (Նիւ Եորք), Կարէն Փափազեանի (Նիւ Եորք), Գոհար Ստամպուլեանի (Լոս Անճըլըս), Հերմինէ Տուզեանի (Հայաստանի Նայիրի Ճամբարի ատենապետուհի) եւ Աննա Պարոնեանի (Լոս Անճըլըսի ճամբարին յատուկ ընկերային ծառայող) միջեւ։
Նուշիկ Լաթերովեանը եւ Սիլվա Գաբրէլեանը յարդարման կազմակերպիչներն ու լուռ աճուրդի նուէրները հաւաքողներն էին։
Տիանա Անի Սարգիսեանը առողջական պատճառներով չկրցաւ միջոցառումին մասնակցիլ։ Ան նուիրեց $1000, ինչպէս նաեւ՝ հայ գեղանկարիչներէն քանի մը արուեստի գործեր։
Արաքսի Սվաճեանը մեծ աշխատանք տարաւ Յովիկին հետ՝ ապահովելով գանձարանը եւ պիւճէի այլ ծախսերն ու հաշուապահական աշխատանքները։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բժիշկուհի Սիլվա Գարայեանին՝ իր արժէքաւոր խորհուրդներուն համար:
Երեկոյի յատուկ հիւրն էր արտօնագրեալ ընկերային ծառայող՝ տիկին Աննա Պարոնեանը։ Ան անհամար ժամեր, կամաւորաբար տրամադրած էր «Նայիրի» ճամբարի երեխաներուն:
Աննան կը ծրագրէ այս ամառ եւս երթալ Հայաստան եւ ծառայել ճամբարի երեխաներուն։
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ Դանիէլ Սարաֆեանի, Տէյվիտ Սամուէլեանի եւ Արամ
Լէփէճեանի հաճելի ելոյթով։ Աւարտին՝ լուռ աճուրդի արդիւնքները յայտարարուեցան Ժանին Սուքիասեանին, Էսքի եւ Թինա Մամեանին կողմէ։
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան յանձնախումբին, ներկայ եղան միջոցառման եւ նուիրատուութիւն ըրին այս ազնիւ գործին: Յատուկ շնորհակալութիւն ՀԲԸՄ-ի Ասպետներուն, ՀԲԸՄ-ի վէթէրաններուն, Պոլսահայերու Կազմակերպութեան եւ Հաճնոյ Հայրենակցական միութեան՝ իրենց առատաձեռնութեան համար։