Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող տագնապալի իրավիճակին Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան- Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (ՀԲԸՄ-ՀԵԸ) գործունէութիւնները կը շարունակուին։
Կարեւոր ճիգեր կ՚իրականացուին կաթիլ մը արցունք խնայելու, խորհրդանշականօրէն կոտրուած դուռ մը վերանորոգելու , եւ պատուհան մը բաց պահելու մեծ մարմաջով։
Դժուարին են պայմանները եւ համակ Լիբանանը դարձած է «աղէտեալ գօտի» յատկապէս այն խաւերուն համար, որոնք ունին օրուայ «սեւ հաց»ը ճարելու խնդիր։ Ու այս պատկերին մէջ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը որպէս ամբողջական կազմ առաջ կը փորձէ տանիլ, ոչ միայն գաղութային զուտ-ՀԲԸՄ-ական պրիսմակի գործունէութիւն, այլ կը փորձէ հասնիլ լիբանանահայութեան տարբեր շերտերուն։
Այս առումով ալ անցնող օրերը եղած են ուղենային օրերը յատկապէս այն առումով, որ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Լիբանանի ընտանիքը ունեցած է վարչական ընդհանուր ժողով ի ներկայութիւն գաղութային ու նաեւ արտերկրի գործիչներու։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն հետ կը կիսենք այդ առթիւ մեզի ուղարկուած թղթակցութիւնը։
Կիրակի, 11 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Տարեկան Ընդհանուր Վարչական ժողովը:
Ի ներկայութիւն ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանի եւ անդամներու, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Վարիչ տնօրէն, ՀԲԸՄիութեան Միջին Արեւելքի Շրջանի եւ մերձակայ երկիրներու տնօրէն Արին Ղազարեանի, ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամներու,ՀԵԸ-ի բոլոր մասնաճիւղերու եւ միաւորներու վարչութեանց, Լիբանանի, Հայաստանի,ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդութենէն ետք, ատենապետ Վիգէն Չերչեան բացուած յայտարարեց ժողովը եւ խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել առյաւէտ բաժնուած Ժիրայր Դանիէլեանի եւ Ռուպինա Ճիկերեանի յիշատակը:
Արին Ղազարեան ընթերցեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանի ողջոյնի խօսքը:
Վիգէն Չերչեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամներուն, յատկապէս՝ ատենապետ տիար Ժերար Թիւֆէնքճեանին, որ մնայուն կերպով նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար կը կենայ ՀԵԸ-ի գործունէութիւններուն: Ան երախտիք յայտնեց տիար Երջօ Սամուէլեանին, որ նիւթապէս կը քաջալերէ ՀԵԸ-ի աշխատանքները: Ատենապետը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ՀԵԸ-ի բոլոր մասնաճիւղերուն, Միութեան գործունէութեան սատրող անհատներուն:
Վիգէն Չերչեան, իբր ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի պարտականութիւնը ստանձնելու տասը տարիներուն առիթով, իր երախտիքը յայտնեց ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ բոլոր վարչութիւններուն, իրենց անմնացորդ նուիրումին, ինչպէս նաեւ իր կեանքի ընկերոջ՝ Յասմիկ Չերչեան- Հայրապետեանին՝ անսպառ համբերութեան, քաջալերանքին եւ զոհողութիւններուն համար: Ան, նոր ծրագիրներու եւ նոր յոյսերու իրականացում մաղթեց բոլորին. « Այո՛ այսօր եւ վաղուան համար նոյնպէ՛ս համոզումս է, որ հաւաքական աշխատանքով պայմանաւորուած են մեր Միութեան յաջողութիւնները». շեշտեց ան:
Տեսաերիզի վրայ ներկայացուեցաւ ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի աշխատանքային- կազմակերպչական կառոյցը:
ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ահարոն Շխրտըմեան ընթերցեց նախորդ տարուան Ընդհանուր Վարչական Ժողովին ատենագրութիւնը:
Վարչութիւնները հերթաբար ներկայացուցին անցնող տարուան իրենց գործունէութեան տեղեկագիրը: Ելոյթներուն զուգահեռ, մեծ պաստառի վրայ կը ցուցադրուէին անոնց առօրեան խտացնող տեսաերիզներ:
Ժողովին հիւրաբար ներկայ գտնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Քաղաքական Ժողովի համաատենապետ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սկաուտական շարժումի բովէն անցած, այժմ Ապու Տապիաբնակ Գրիգոր Մահսերեճեանը: Ան ուրախութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ծաւալած գործունէութեան, դիտել տալով, թէ ուսում, դաստիարակութիւն եւ հայրենասիրական ոգիով կոփուած է ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի հովանիին տակ: Ան յայտնեց, թէ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը հպարտութիւն կը ներշնչէ ամենուրեք եւ յաջողութիւն մաղթեց ՀԵԸ-ի բոլոր միաւորներուն:
Դադարէն եւ յիշատակի խմբանկարէն ետք, Վարչական Ժողովի երկրորդ բաժինով, մասնաճիւղերը ներկայացուցին յառաջիկայ տարուան իրենց ծրագիրները: Առաջարկութիւնները արձանագրուեցան, հետագայի համար, առ ի քննարկում:
Վարչութիւնները անխտի'ր վերահաստատեցին իրենց առջեւ դրուած պարտականութիւնները սիրայօժար շարունակելու պատրաստակամութիւնը:
Ժողովը արձանագրեց վարչութիւններէն ներկայացուող առաջարկները:
Ժողովը որոշեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Նազարեան-Մովսէսեան կեդրոնին մէջ գումարել յառաջիկայ տարուան Տարեկան Վարչական Ընդհանուր ժողովը:
Ընդհանուր վարչական ժողովը եզրափակուեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին ՝ հաւաքական ճիգով աշխատանքը շարունակելու բարեմաղթութեամբ:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակ