image
Հրատապ լուրեր:

Հայը այսպէս կը վերակառուցէ.Կամ առաքելութիւնը կը շարունակուի (Լուսանկարներ)

  Հայը այսպէս կը վերակառուցէ.Կամ առաքելութիւնը կը շարունակուի  (Լուսանկարներ)

2020 Թուականի օգոստոսին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած աղէտալի իրադարձութեան հետեւանքով մեծապէս տուժեցին պայթումի շրջանին մերձ գտնուող հայկական բազմաթիւ կառոյցներ։

Եւ հակառակ առկայ բազմապիսի դժուարութիւններուն հայագաղութը ժրաջան շունչով մը եւ վերապրելու ոգիով զինուած անցաւ գործի եւ վերանորոգութեան ենթարկեց վնասուած կառոյցները ըլլան անոնք եկեղեցիներ, ակումբներ կամ դպրոցներ։  

Այս առումով, ինչպէս կը կարդանք AMAA-ի (Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն)դիմատետրի էջէն  մեծ ճիգեր գործադրուած են  վերանորոգելու եւ բարեզարդելու համար Պէյրութի Էշրէֆիյէ շրջանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին ու անոր կից եղող ամէնօրեայ վարժարանի շէնքն իր յարակից մասերով։ 

Մեր տեղադրած լուսանկարներն ալ խօսուն վկայութիւններ են, թէ ինչպիսին էին հայաշունչ այդ օճախները պայթումէն անմիջապէս ետք ու այսօր, երբ ամբողջապէս վերանորոգուած են։

 Ուժ եւ կորով կը մաղթենք աշխարհով մէկ սփռուած ԱՀԱԸ-ին, որ տէրն է իր առաքելութեան եւ մշտամնայ ներկայութիւն է հայութեան ազգային-հասարակական եւ կրթական կեանքէն ներս։

 Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ անգլերէն լեզուով եղած գրառումը։

 

After the August 2020 Beirut (Lebanon) port explosions, the Union of the Armenian Evangelical Churches in the Near East also sustained huge property damage and felt itself in need of major support to rehabilitate its Headquarters and all other affected properties it operates. AMAA funded most of the cost of the renovations of all the damaged properties. The Armenian Evangelical Church and the Central High School - Ashrafieh structures, were one of the most damaged and impacted properties. With renovations completed and a new and fresh look, the Central High School is heading toward its 100th Anniversary.

Standing firm in its Christian faith and mission, the AMAA is committed to stand by and support the Global Armenian Evangelical churches and schools.