«Արեւելք» -Լիբանանահայութեան համար նոր տագնապի մը դուռը կը բացուի: Այսպէս անցնող օրերուն Պէյրութի եւ արուարձաններու մէջ աղբահանութեան հարցը վերածուած է լուրջ տագնապի: Մինչ քաղաքացիական աքթիւիսթներ բողոքի հաւաքներ կ'ընեն ու կը փակեն մայրաքաղաքի կարեւոր ճանապարհները անդին երկրի կառավարութիւնը մեծ ճիգեր կը գործադրէ խնդրին համար մասնակի ու ժամանակաւոր լուծումներ ապահովելու համար: Պէտք է նաեւ նշել, որ խնդիրը ոչ միայն աղբահան «Սուքլին» ընկերութեան ունեցած պայմանագրութեան աւարտին հետ կապ ունի այլ ունի նաեւ քաղաքական - համայնքային երեսակ: Աղբի տագնապը կը սրէր երբ «Նահմէ» աղբանոցի մօտ ապրող քաղաքացիները բողոքի հաւաքներ ընելով պահանջեցին փակել աղբանոցը: Համայնքային խորք ունեցող այս հարցը կրնայ նոր տագնապ ըլլալ նաեւ Պէյրութի մերձ եղող Պուրճ Համուտ շրջանի բնակիչներուն համար: Նշենք, որ Պուրճ Համուտի ծովեզերեայ շրջանին մէջ կը գործէր աղբանոց մը , գործեց 30 տարի: 1996-ին Լիբանանահայութեան համընդհանուր ճիգերով այդ աղբանոցը վերջնականապէս կը փակուէր: Այսօր ակայն քաղաքական մէկէ աւելի գործիչներ (յատկապէս երեսփոխան՝ Ուալիտ Ժոմպլաթ) կը խօսի այդ աղբանոցի վերաբացման մասին: Ուրախալի է, որ հայութեան արձագանքը չուշացաւ այս առիթով Լիբանանեան խորհրդարանի անդամ Յակոբ Բագրատունի (Հ.Յ.Դ.) վճռական խօսքով հանդէս գալով (տեսնել՝ այստեղ) տեղական մամուլին խօսելով կը յայտարարէր, որ Պուրճ Համուտի աղբանացի վերաբցաման մասին խօսիլն անգամ ընդունելի չէ եւ այդ մէկը «կարմիր գիծ» է: Յուսալի է, որ Լիբանանահայութիւնը մէկ մարդու նման ոտքի կը կանգնի պաշտպանելու համար Պէյրութի սրտին վրայ եղող Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջաններուն իրաւունքները: Աղբանոցի վերաբացումը աղէտ է: Մահացու հիւանդութիւններու, գարշահոտի (թէեւ մինչեւ օրս գարշահոտը չէ վերացած շրջանին մէջ), կենսոլորտի իրավիճակի ծանրացման նպաստող այդ աղբանոցը պէտք է մնայ փակ եւ տարբեր ծրագիրներ գործի լծելով այդ շրջանը պէտք է անպայման բարեկարգուի: «Արեւելք» կը խոստանայ մօտէն հետեւիլ այս խնդրի զարգացումներուն: