«Մէտիամաքս»էն կը կարդանք՝
2017-ի մարտին մեկնարկած «Հայաստանաբնակ կարիքաւոր սիրիահայերու բժշկական աջակցութիւն» ծրագիրէն մինչեւ օրս օգտուած է 852 հայրենակից : Անվճար բուժօգնութեան ծրագրէն օգտուողներու շարքին արդէն կան ոչ միայն սուրիահայեր, այլ նաեւ Լիբանանէն փոխադրուած հայեր:
Ծրագրի նախաձեռնողն ու աջակիցը Իզմիրլեան հիմնադրամն է: Այն կը համաֆինանսաւորուի Իզմիրլեան հիմնադրամի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ: Գործընկեր կազմակերպութիւններէն են Սփիւռքի գործերու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ), «Սիրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը եւ «Հալէպ» հայրենակցական բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը ։
Ծրագրի իրագործման եւ ընթացքի մասին մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է «Սիրիահայերի խնդիրները համակարգող կեդրոն»-ի նախագահ՝Ճօրճ Բարսեղեան:
«Ծրագիրը, որ ի սկզբանէ կեանքի կոչուած է դեռ այն ժամանակ գործող Սփիւռքի նախարարութեան ջանքերով եւ աջակցութեամբ, կը թիրախաւորէ Հայաստան ապրող առողջապահական կարիքներ ունեցող այն սուրիահայերը, որոնք սուրիական պատերազմի հետեւանքով տեղափոխուած են Հայաստան:
Սուրիական թնճուկի հետեւանքով այս 10 տարուան ընթացքին Հայաստան տեղափոխուած են 25 հազարէն աւելի սուրիահայ, որմէ մօտ 7 հազարը մնացած է այստեղ: Այդ 7 հազարին մէջ կան ֆինանսապէս բաւարարուած ընտանիքներ, կան, ինչպէս կ'ըսեն, «եոլա տանող» ընտանիքներ, որոնք օրուան հացը կը վաստակին, եւ կան կարիքաւորներ ու խիստ կարիքաւորներ: Այդ խիստ կարիքաւորներուն հոգսը թեթեւցնելու համար այն ժամանակ Սփիւռքի նախարարութիւնը բաւական շատ նախաձեռնութիւններ իրականացուց՝ տնտեսական, ուսանողական, առողջապահական, որոնք շատ օգտակար եղան սուրիահայերուն համար: Այդ ծրագիրներէն մէկը խիստ կարիքաւոր սուրիահայերու առողջապահական անհրաժեշտ կարիքները հոգալու ծրագիրն էր»,- ըսած է Ճօրճ Բարսեղեան:
«Այս տարիներու ընթացքին կարողացած ենք բազմաթիւ մարդոց օգտակար դառնալ: Անշուշտ, բժշկական օգնութիւնը վերաբերած է այն մարդոց, որոնց բժշկական ծառայութիւն ստանալը խիստ անհրաժեշտ էր: Կ'ուզեմ անպայման շեշտել նաեւ, որ պատերազմի հետեւանքով Հայաստան եկած սուրիահայերն անմիջապէս ներառուած են պետպատուէրի ծրագրին մէջ: Բոլոր այն սուրիահայերը, որոնք անհրաժեշտութիւն ունէին բժշկական օգնութեան, ստացած են հնարաւոր նուազագոյնը։ Անոնց, որոնք իսկապէս օգնութեան կարիք ունեցած են եւ պետպատուէրի շրջանակը չէ կարողացած ամբողջապէս բաւարարել իրենց բուժման ծախսերը, օգնութեան հասած է այս ծրագիրը»,- նշած է «Սիրիահայերու խնդիրները համակարգող կեդրոն»-ի նախագահը։
Ծրագրի շահառուներէն եղած է Սարգիս Քաթրճին, որ Սուրիայէն Հայաստան փոխադրուած է 2016 թուականին։

«Հայաստան տեղափոխուած եմ տիկնոջս եւ երեխաներուս հետ։ «Հայաստանաբնակ կարիքաւոր սիրիահայերի բժշկական աջակցութիւն» ծրագիրէն օգտուած եմ երկու անգամ։ Առաջինը 2019 թուականին էր, երբ առողջական խնդիր ունեցայ։ Իզմիրլեան հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ եւ «Իզմիրլեան» հիւանդանոցի բժիշկներ՝ Գոռ Յովհաննիսեանի եւ Ռազմիկ Դաւիթեանի շնորհիւ յաջող կերպով անցուցի թէ՛ նախավիրահատական, թէ՛ վիրահատական շրջանը։ Փառք տիրոջ՝ ամէն ինչ շատ լաւ անցաւ»,– նշած է Սարգիս Քաթրճին։
Երեք տարի ետք՝ 2021 թուականին Սարգիս Քաթրճին կրկին օգտուած է ծրագիրէն՝ այս անգամ սրտանօթային խնդրի հետ կապուած։
«Ամէն առումով ես կը գնահատեմ այս ծրագիրը, այն ինչով ի զօրու է կը կանգնի մեր կողքին»,- ըսած է Քաթրճին։
«Սիրիահայերի խնդիրները համակարգող կենտրոնի» նախագահի խօսքով՝ ծրագիրը մինչեւ այս պահը կը շարունակուի, բայց, ի հարկէ, ծաւալները նուազած են:
«Դեռ կան խիստ կարիքաւոր սուրիահայեր, որոնք իսկապէս անհրաժեշտութիւն ունին օգնութեան: Մենք չենք զլանար անոնց օգնելու: Հայաստան հաստատուող ամէն ընտանիք մեր ազգային շահն է: Ազգային ֆոնտը, մարդուժը պէտք է պահել Հայաստան՝ բոլոր հնարաւոր պայմաններով եւ կարողութիւններով»,- աւելցուցած է ՃորՃ Բարսեղեան:
Արփի Ջիլաւեան
Լուսանկարը՝ Էմին Արիստակէսեանի
Նիւթը՝ Mediamax կայքէն: