image

«Հայկազեան համալսարան»ի բարեկամներու հաւաք՝ Լոս Անճըլըսի մէջ

  «Հայկազեան համալսարան»ի բարեկամներու հաւաք՝  Լոս Անճըլըսի մէջ

Օրերս  Լոս Անճըլսի մէջ   եւ  նախաձեռնութեամբ տեղի «Հայկազեանցիներ»ու   տեղի  ունեցած  հաւաք հանդիպում ի ներկայութիւն  ԱՄՆ այցելութիւն տուող  համալսարանի նախագահ՝ Վեր. Փօլ Հայտոսթեանին։ Հաւաքին  մասնակից դարձած են  բոլոր անոնք որոնք  ինչ որ կերպ  ուսանած  են ունեցած Պէյրութի  «Հայկազեան» համալսարանին հետ ու նաեւ   համալսարանի  բարեկամ  շրջանակներ։

Այս մասին «Արեւելք»   տեղեկացաւ  Վեր. Փօլ Հայտոսթեանի էջէն, ուր  մասնաւորապէս գրուած է՝ 

 

Շաբաթ, 4 նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ  շատ իւրայատուկ հաւաքոյթ  ներկայութեամբ «Հայկազեան» համալսարանի կարգ մը շրջանաւարտներու, խորհուրդի անդամ հոգաբարձուներու եւ համալսարանի յարգելի   բարեկամներու։ Հաւաքը  տեղի ունեցած է  ՝ Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտներ տէր եւ տիկին Ռաֆֆի եւ Սիլվա Քենտիրճեաններու բնակարանին մէջ Քալիֆորնիա, Լոս Անճըլըս: Հաւաքին նպատակն էր հանդիպիլ Լիբանանի Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանին հետ եւ ողջունել զինք։ 

 Վեր. դոկտ.  Հայտոսթեան, օգտուելով այս առիթէն, իր շնորհակալութիւնը յայտնած է նախ շնորհալի տանտէրերուն, ապա բոլոր անոնց, որոնք ներկայ էին հաւաքին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումն ունեցած են համալսարանին մէջ եւ կը շարունակեն աջակցիլ անոր բարոյապէս եւ նիւթապէս: Ան նշած է, որ հակառակ Լիբանանի եւ տարածաշրջանի մէջ տիրող ֆինանսական եւ քաղաքական  իրադարձութիւններուն, «Հայկազեան» համալսարանի առաքելութիւնը այսօր ալ  կը շարունակուի հաւատարմօրէն, պատրաստելու  նուիրեալ    շրջանաւարտներ։

Հաւաքին նաեւ իրենց սրտի խօսքը  արտասանած են  Տիար  Ռաֆֆի  Քենտիրճեան, խորհուրդի նախագահ դոկտ. Յասմիկ Պարան եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանակչական ընկեակցութեան (ԱՀԱԸ)  գործադիր տնօրէն Տիար Զաւէն Խանճեան: