image

Հայկ Մարութեանի նոր ներկայացումը՝ «Պետական գաղտնիք»

   Հայկ  Մարութեանի   նոր   ներկայացումը՝ «Պետական գաղտնիք»

 Երեւանի նախկին քաղաքապետ  եւ քաղաքական գործիչ Հայկ Մարութեան նոր   ներկայացումով մը հանդէս   պիտի գայ։ 

 Ասոր  մասին  իմացանք հայրենի   լրատուամիջոցներէն, որ նաեւ կը նշեն, թէ    մենաներկայացումը կը կրէ՝ «Պետական գաղտնիք»   ընդհանուր խորագիրը։

 

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Մարութեան, որ մեծ  ներգրաւուածութիւն  ունեցաւ    անցնող ՏԻՄ ընտրութիւններուն ներկայացուցած է քաղաքական կարեւոր  յայտ  եւ   կազմած է  «Նոր ուժ»  անունով կուսակցութիւն մը։

Նշենք նաեւ, որ ներկայացումը   բեմ պիտի ելլէ  յառաջիկայ    23 եւ   24 սեպտեմբերին։