image

«Հայերու հայրենասիրութիւնը անքննելի է» Մարոնիներու Պատրիարքը հայութեան մասին

 «Հայերու  հայրենասիրութիւնը անքննելի է» Մարոնիներու Պատրիարքը  հայութեան մասին

 Լիբանանի Մարոնիներու Ռահի Պատրիարք, Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման առթիւ երէկ տեղի ունեցած համերգի ժամանակ հակիրճ խօսք մը առնելով դրուատական խօսքեր հնչեցուց առհասարակ հայութեան եւ ի մասնաւորի լիբանանահայութեան մասին։ 

 

 Ռահի Պատրիարք իր խօսքին մէջ Լիբանանի դժուար վիճակին ակնարկելով նշեց, որ «Լիբանանը ամէնէն շատ ձեր նման հայրենասէր քաղաքացիներու պէտքն ունի հայեր։ Դուք, ոչ միայն հաւատարիմ էք, այլ նաեւ հայրենիքի յարգը գիտէք, որովհետեւ տառապած էք եւ հայրենիք կորսնցուցած էք»։ 

 

 Ի դէպ առաջին անգամը չէ, որ Ռահի Կարտինալ հայութեան հանդէպ նման յայտարարութիւններով հանդէս կու գայ եւ այդ ցոյց կու տայ հայ ժողովուրդին հանդէպ վերջինիս ունեցած սէրն ու յարգանքը։

 Ըսելիքս ինչ է, ինչքան լաւ կ՚ըլլայ, երբ ուրիշներ մեր ժողովուրդին մասին դրական կ՚արտայայտուին, անկեղծօրէն, առանց շահ ունենալու կամ քուէներ մուրալու ...

 Ռահի Պատրիարքը եւ Մարոնիթ եկեղեցին այն ամրակուռ ժայրն է, որուն վրայ կանգնած է Լիբանանը։ 

Եթէ այդ ժայռը քայքայուի, Լիբանանն ալ հետը կ՚ընկղմի...

Պարզապէս յիշեցնեմ ըսի եւ հասկացողաց բարեւ։

 

 Նիւթը՝  Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն