Ախոյան-ախոյեան
Մեր ուղղագրական ընտրութիւններուն մէջ ամէն բան ճիշդ, մտածուած ու յաջող չէ ընթացած, դժբախտաբար, եւ այս իրողութեան ցայտուն նմուշներէն մէկը ախոյեան-ն է
Հարցը կը վերաբերի անոր մէջ տեղ գտած ե ձայնաւորին:
Բոլոր նախադրեալները կը թելադրէին, որ գրէինք ախոյան, որ աւելի կոկիկ, ակնահաճոյ ու մանաւանդ տրամաբանական է, քանի որ -եան բաղադրիչը բոլոր այն բառերուն մէջ, ուր կը գտնենք զայն, կը ճանչցուի իբրեւ ածանց եւ բառին կու տայ պատկանելութեան իմաստը. այսպէս՝ Նոյ-եան տապան, առաւօտ-եան ցօղ:
Ախոյեան բառը զուրկ է այս երկու յատկութիւններէն:
* * *
«Նոր հայկազեան»-ը կը վկայէ, որ բառս գրուած է ախոյան եւ ախոյեան, այսպէս կը վկայեն նաեւ Աճառեան («Արմատական») եւ Բագրատունի («Ի պէտս զարգացելոց»):
Այս երեքին մէջ ամենավաւերականը կամ բարացուցականը կը մնայ «Նոր հայկազեան»-ը իր բազմատասնեակ վկայութիւններով՝ առնուած մեր մատենագիրներէն, որոնք կը տարուբերին ախոյան-ի եւ ախոյեան-ի միջեւ: Սա՛ տարբերութեամբ, որ բարդ եւ ածանցաւոր կազմութիւնները նախընտրաբար կատարուած են ախոյան-ով, օրինակ՝ ախոյանաբար, ախոյանական, ախոյանայարձակ եւ այլն:
Նոյն տեղը նկատելի նաեւ, որ ժամանակագրականօրէն նախընտրութիւնը տրուած է ախոյան-ին, որ կը գտնենք առաջին բնագրերու մէջ, ինչպէս՝ Աստուածաշունչի, Ագաթանգեղոսի, Եղիշէի, Խորենացիի մէջ:
Աւելի ուշ է միայն, որ չես գիտէր ուրկէ՛, ի՛նչ տրամաբանութեամբ յառաջացած, ուռճացած, կայունացած է ախոյեան ձեւը՝ հետագայ բոլոր բառարաններուն մէջ մնայուն ներկայութիւն դառնալով ախոյան-ին կից:
Ճիշդ ի՛նչ կ’ուզէին ու կը փնտռէին այս ե-ով գրողները,− գնա՛-հասկցիր:
Պէտք է ենթադրել, որ մեր մատենագիրները եւ անոնց ժառանգները առաջնորդուած են այն թիւր ըմբռնումով, որ դրսեւորուած է հետագային ալ եւ մինչեւ մեր օրերեը, ուր բացայայտ հակում կը ցուցաբերուի խեղաթիւրելու Խայամ, Սայաթ (Նովա), Պիքֆայա, Սորայա, Ռուայալ, Ֆայատ, Խայաթ անունները՝ գրելով ասոնք Խայեամ, Սայեաթ, Պիքֆայեա, Սորայեա, Ռուայեալ, Ֆայեատ, Խայեաթ եւ այլն:
* * *
Նորագոյն բառարանագիրները կը պարզեն հետեւեալ պատկերը.
Գայայեան (1938) ունի ախոյեան:
Ճիզմեճեան (1954) ունի ախոյեան, տակը՝ ախոյանաբար, ախոյանակից, ախոյանանալի, ախոյանացած, ախոյանութիւն:
Զարմանալի հակասութիւն մըն ալ այս է. շատ առողջ մտածողութեամբ բոլոր բաղադրեալ ձեւերը ախոյան-ով կազմելէ ետք՝ անըմբռնելի զառածումով մը յանկարծ կ’որդեգրուի ախոյեան սկզբնաձեւը, որ խոտոր կը համեմատի միւսներուն հետ:
Տէր Խաչատուրեան (1968), Կռանեան (1982) եւ Ճերեճեան (1992) ունին ախոյեան:
Ախոյան-ը ընդմիշտ մոռացութեան մատնուած է:
Ինչո՞ւ այս նախընտրութիւնը,− չենք գիտեր:
Յստակ է մէկ բան, որ ան ո՛չ լեզուական, ո՛չ ալ որեւէ այլ արդարացուցիչ հիմնաւորումի արդիւնք է:
Այսքանը՝ ուղղագրութեան համար:
Անդին գոյութիւն ունի նշանակութեան հարց մըն ալ, որ հետեւեալն է:
* *
*
Եթէ բառիս կրած ուղղագրական կամայական վերիվայրումներն ու հակասութիւնները կը կազմեն խայտաբղէտ խճանկար մը, ինչպէս վերը տեսանք, ապա նոյնը չենք կրնար ըսել անոր նշանակութեան համար:
«Նոր հայկազեան»-ը օրին շատ յստակ մեկնաբանած է ախոյան-ը իբրեւ «յառաջամարտիկ, նահատակ, ոսոխ, առջի կտրիճ , առաջ նետուող»: Ուրեմն մէկ կողմէ քաջ յառաջամարտիկը, առաջին գիծերու վրայ մարտնչողը, միւս կողմէ՝ ոսոխը, թշնամին. ասոնք ըստ էութեան, թէեւ հականիշ, այսուհանդերձ զիրար լրացնող նշանակութիւններ են, եւ այս նշանակութիւնները անփոփոխ մնացած են մինչեւ Գայայեան եւ Ճիզմեճեան. այս վերջինին տուած 17 հոմանիշներէն թուեմ՝ «առաջ նետուող, առաջին յարձակող, հակառակորդ, թշնամի, պաշտպան» եւ այլն:
Իմաստային այս ներդաշնակութիւնը յանկարծ կը խախտի Տէր Խաչատուրեանով, որ ախոյան-ին մէջ կը տեսնէ ու կը գտնէ նաեւ՝ «մրցումին առաջին ելած», այսինքն՝ առաջնութիւն շահած մրցորդ: Կռանեանին համար ան «մրցանակաւոր մարզիկ»-ն է, Ճերեճեան բառացի կը կրկնէ Տէր Խաչատուրեանը եւ անոր վրայ կ’աւելցնէ՝ «հականիշ» մըն ալ՝ վերջին:
Յերիւրածոյ նշանակութիւններ են՝ արեւմտահայ խելապատիկի արգասիք:
Հասնող սերունդները ա՛յս աղաւաղեալ նշանակութեամբ ալ կ’ըմբռնեն ախոյեան-ը որ ունի եւրոպական հոմանիշ ալ՝ champion, որ ըստ մեզի կը նշանակէ... «յաղթական մրցորդ»:
Շատ սովորական է մեր մէջ լսել.
−Այն տարուան ախոյանը Պայերն Միւնիխն էր:
Մինչ կացութիւնը բոլորովին տարբեր է... արեւելահայուն համար:
Ակադեմիայի քառահատորը կու տայ. «ախոյան – հակառակորդ, թշնամի, մրցակից, մարտնչող, մաքառող»: Ինչպէս կը տեսնենք, բացարձակապէս ոչ մէկ ակնարկութիւն կայ այստեղ «յաղթականի, յաղթանակ տարած մրցորդի». այլուր մենք գտանք մինչեւ իսկ նահատակ նշանակութիւնը, որ շատ հեռու է... յաղթողէն:
Իմաստ ունի՞ այս բոլորէն ետք հարցնել, թէ ո՛վ հաւատարիմ մնացած է բառիս պատմական նշանակութեան, − շատ պարզ է՝ հաւատարիմ մնացողը արեւելահա՛յն է:
Ան հաւատարիմ մնացած է նաեւ ուղղագրութեան՝ ախոյան:
Մեզի կը մնայ երկու բան. սրբագրել բառիս նախ՝ ուղղագրութիւնը եւ զայն դարձնել ախոյան, ապա՝ նշանակութիւնը՝ համադրելով «Նոր հայկազեան»-ը, Ճիզմեճեանը եւ Ակադեմիայի քառահատորը, որոնք միասնաբար ամբողջական ու անթերի են:
Իսկ օտարին champion-ը թարգմանելու համար յաղթական-ը լայնօրէն բաւարար է:
Արմենակ Եղիայեան