1.Մեհրապ
«Ազդակ»-ի քաղաքական էջի տառադարձական յաղթական երթը կը շարու-նակուի... «նոյն ոտքով»,- ինչպէս ըսելու սովորութիւն ունէր պատմութեան փարպեցի ուսուցիչս՝ Գառնիկ Գիւզալեանը:
Նախորդիւ անկէ տեսանք երկու սխրագործութիւն՝
--Մարժայուն-ը՝ որ դարձած էր Մերժահիուն,
--Ժաաժա-ն՝ որ դարձած էր Ժահժահ:
Հիմա կարգը եկած է այս մարդուն բնակատեղիին, որ տեղւոյս օտարալեզու քարտէսներուն մէջ Մաարապ է, իսկ «Ազդակ»-ի քաղաքական էջին մէջ... Մեհրապ է:
Հետաքրքրիր եմ, թէ Լիբանանեան ուժերու նախկին ղեկավարը ի՞նչ պիտի մտածէր այս անունին մասին, այո, շատ հետաքրքիր եմ. որովհետեւ մեհրապ բառը արաբերէն ունի բոլորովին ուրոյն նշանակութիւն մը:
Այսպէս կը կոչուի մզկիթի ներքին պատին վրայ բացուած այն ակնատը՝ ծակը, անցքը, որ ուղղուած է դէպի Մեքքայի Քաապա սրբազան քարը եւ որուն ուղղութեամբ ալ նայելով կ’աղօթեն իսլամ հաւատացեալները:
Աջի լուսանկարին վրայ այդ անցքը ունի շեղանկիւնի մը (losange) ձեւը:
Արեւելահայերը այս բառը կը գրեն մեհրաբ, որ թէ՛ հասարակ անուն է, թէ՛ յատուկ՝ Մեհրաբ, այլեւ Մեհրաբեան. երկուքն ալ իրենց տարածումը ունին արեւելահայոց մէջ: Անոնց կիրարկութիւնները շատ մեծ տարածում ունին մանաւանդ Պարսկաստանի մէջ: Ենթադրելի է՝ իսլամական այլ միջավայրերու մէջ նմանապէս:
2. Ըլլալով...
Ուշի-ուշով կարդանք Պոլսոյ «Ակօս»-ի հերթական թիւի (1467) հետեւեալ երկու նախադասութիւնները.
***Կարգ մը յօդուածագիրներ այդ վանկարկումը մեկնաբանեցին յեղաշրջման ու իշխանափոխութեան կոչ ըլլալով:
***Պատահածը կը նկարագրէ վարչութեան երկու անդամներու տարակարծութենէն ծագած բանավէճ մը ըլլալով:
Ձեր՝ արեւմտահայու լեզուամտածողութեան բան մը կ’ըսե՞ն կոչ ըլլալով եւ բանավէճ մը ըլլալով բառակապակցութիւնները:
Ինքս ոչինչ հասկցայ անոնցմէ այնքան ատեն, որ սահմանափակուեցայ հայերէնի իմացութեանս ծիրէն ներս:
Ճարահատ՝ մեծ համբերութեամբ դիմեցի թրքերէնի, այլեւ անգլերէնի ծանօ-թութիւններուս՝ վերծանել կարենալու համար անոնց նշանակութիւնը: Եւ ի յայտ եկաւ, որ այս ըլլալով-ը հարազատ ու բառացի թարգմանութիւնն է թրքերէն olarak դերբային, որ յաջողած է թրքական միջավայրի մէջ ծնած, ապրող ու գործող արեւմտահայ մտաւորականին պարտադրել ինքզինք:
Չխօսինք պարզ, հասարակ հայուն մասին:
Անգլերէն աղբիւրի մը օգնութեամբ յաջողեցայ ճանչնալ նաեւ անոր դարձուածային նշանակութիւնը, որ է իբրեւ, անգլերէն՝ as.
Ուրեմն բերուած երկու նախադասութիւնները պիտի հասկնանք սա՛պէս՝
***Կարգ մը յօդուածագիրներ այդ վանկարկումը մեկնաբանեցին իբրեւ կոչ յեղաշրջման ու իշխանափոխութեան:
***Պատահածը կը նկարագրէ իբրեւ բանավէճ մը՝ վարչութեան երկու անդամներու տարակարծութենէն ծագած:
* * *
Պոլսահայերէնի միակ զառածումը չէ այս:
«Ակօս»-ի,— ինչպէս նաեւ պոլսահայ միւս թերթերուն,— մէջ շատ տարածուած է ենթակայ/բայ թուական անհամաձայնութիւնը.
***Անոր հայեցակարգը... բազմաթիւ քննարկումներու առիթ դարձան ։
*** Ծանօթացանք ընտանիքի մը, որոնք ունէին երկյարկանի տուներ:
Շատ աւելի մեծ համեմատութիւն ունին այն օրինակները, ուր յոգնակի ենթական ունի եզակի դիմաւոր բայ. օրինակ՝
--Կայացած է գիտնականներու կանխատեսումները:
--Աղէտ մըն է անտառներու հրդեհները:
--Ոմանք «գորշ գայլեր» բառը գործածելով պիտի սպառնայ:
--Շուէտի իշխանութիւնները բոլոր միջոցները ապահոված էր:
--Հրատարակուեցաւ մտից քննութեան արդիւնքները:
Շարքը շատ ու շատ երկար է:
Այստեղ ալ դերակատար է թրքերէնը, քանի որ թրքերէնը յոգնակի ենթակային սովորաբար կու տայ եզակի ստորոգիչ. այսպէս՝ թուրք աշուղը կ'ըսէ՝
Kara dir kašların, ferman yazdırır…
Սեւ է յօնքերդ, հրաման կը թելադրէ...
Ուր հայ աշուղը պիտի ըսէր՝ «Սեւ են յօմքերդ, հրաման կը թելադրեն...»: * * *
Ցաւով պիտի արձանագրեմ, որ «Ակօսի»-ի մէջ կը վխտան նաեւ ընթացիկ շատ տարրական սխալներ, եւ այս՝ գրեթէ բոլոր թիւերուն մէջ:
Այսպէս՝
--չ’արժանացաւ, չ’ունին՝ փոխանակ չարժանացաւ, չունին:
--կ’ային՝ փոխանակ կային:
--Նորէն ալ կարելի չըլլար՝ փոխանակ չ’ըլլար:
-- պիտի չի քալէ՝ փոխանակ պիտի չքալէ:
--Կ’ազդարարեն դուրս չի գալ՝ փոխանակ չգալ:
--Մօտ էինք ընտանիօք՝ փոխանակ ընտանեօք:
--Սիրտ-անոթային հիւանդութիւններ ՝ փոխանակ սրտանօթային:
Չերկարենք:
Կացութիւնը մօտաւորապէս նոյնն է պոլսահայ միւս թերթերուն:
Ցաւալին այն է, որ ասոնք ընդհանրապէս դպրոցական մակարդակի սխալներ են, եւ չեմ ըմբռներ, թէ ինչո՞ւ այս է կացութիւնը: Քիչ թէ շատ ծանօթ եմ յատկապէս «Ակօս»-ի ծիրէն ներս ծառայող պատուական անուններու, որոնց հանդէպ ունեցած համարումս չի թոյլատրեր համատեղել այս բոլորը, որ դառն առեղծուած մըն է: Մաղթենք, որ շատ սիրելի Էստուգեանը ճար մը կը գտնէ անոր:
Մրցոյթ 192.
*** Կէտերուն տեղ դի՛ր է կամ են :
---Այս ծրագիրին մէջ նորութիւն են տառերու մտապատկերները:
***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիր՝
ա) ռամիկին հետեւեալ խօսքը.
---Քանի անգամ ըսած եմ քեզի, որ նման բամբասանքներու ականջ չկախես:
բ) եւ «Արմէնպրես»-ի հետեւեալ մարգարիտը.
---Նրա անհետ կորելու վերաբերեալ տեղեկութիւնը տարածուել է նաեւ մամուլով:
***Գտնել ու սրբագրել հետեւեալին մէջ սպրդած լեզուական սխալը.
---Պատերազմի սկիզբէն ի վեր սպաննուածներուն թիւը հասաւ 2141-ի, իսկ վիրաւորներունը աւելի քան 10.000-ի:
***Կէտերը փոխարինէ յարմար շաղկապով մը:
---Թէեւ լիբանանցիները մասամբ վարժուեցան անօդաչու սարքերուն այսուհանդերձ վախը անոնց մէջ մնաց գերակշռող:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (8), Լիւսի Տէօքմեճեան (9),Ցոլակ Ապտալեան (7), Գեղամ Խաչատրեան (8), Համբարձում Յարթունեան (6), Պերճ Տէր Սահակեան (7), Եփրեմ Թոքճեան(7), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7):
Մրցոյթ 193.
***Ջնջէ աւելորդ բառերը:
---Բեմադրիչը կը ներկայացնէր հայ թէ օտար թատերագիրներէ ստեղծագոր- ծուած բազմաթիւ թատերական երկեր:
***Հաւանաբար պիտի փափաքէիր փոխարինել բառ մը հետեւեալէն.
---Ամենակարեւոր ոլորտներէն մէկը, որ դուք կրնաք ազդեցութիւն ունենալ, անոնց ուսումնական յաջողութիւնն է:
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.
---Բոլորս ալ մեր նախնիներուն կամ մեր մանկութենէն սեւ ու սպիտակ հին լուսանկարներ ունինք:
---Պիտի շարունակենք հաւասարապէս Լիբանանի կամ Սուրիոյ մէջ տեղահա-նուածներուն օժանդակութիւն հասցնելու մեր փորձերը:
***Սրբագրէ՛ հետեւեալ կառոյցի անհամասեռութիւնը, այսինքն՝ անմիօրինակու-թիւնը.
---Պատերազմի շարունակումը, դէպի Իրան զայն ընդլայնելն ու Իրաքը իբրեւ միջանցք օգտածելը անընդունելի են:
Արմենակ Եղիայեան