image

Հայերէնը կը զուարճանայ (175)

Հայերէնը կը զուարճանայ (175)

1. Մեծ դաւը

Ամերիկա կը շարունակէ իր հերթական դաւը հայոց լեզուի հանդէպ՝ խախտելով անոր հազարամեակներու  կանոնները(«Ազդակ», 24/5/2024, էջ 1).

--Միացեալ Նահանգներ փոխած է  (եզակի) իր դիրքորոշումը:

--Միացեալ Նահանգներ կ’ուսումնասիրեն (յոգնակի)  խնդրանքները...

2. Համընկնիլ

Մեր նախորդ յօդուածով տեսանք ներդրել պարզ կանոնաւոր բայը, որուն հիմնական բաղադրիչն էր դնել ածանցաւոր բայը՝ եզրակացնելու համար, որ ածանցաւոր բայերը աճելով, բաղադրուելով, բարդուելով ընդհանրապէս կու տան պարզ կանոնաւոր տարբերակներ:

Ածանցաւոր բայն մըն է իյնալ-ը եւս, գրաբարեան՝ անկանիլ, իսկ արեւելահա-յերէն՝ ընկնել, որ ահա դարձած է համընկնիլ, որ, սակայն,  ըստ ձեւի՝ պարզ կանոնաւոր չէ, այլ կը շարունակէ մնալ ածանցաւոր. այս պարագային՝ ածանցն է  երկրորդ՝ վերջին «ն» բաղաձայնը:

Ինչպէ՞ս ընկալել ու խոնարհել այս բայը:

Արեւելահայերէնը ածանցական խոնարհում կու տայ անոր, այսինքն՝ 

համընկայ համընկար համընկաւ

Այսպէս կը վկայեն արեւելահայ բառարանները, այսպէս կը վկայեն նաեւ բնագրային այն տասնեակներով օրինակները, որ կը ստանանք  Google-ով:

Նման անցեալ կատարեալ մը կ’ենթադրէ  հտեւեալ հրամայակնները՝ 

համընկի՛ր համընկէ՛ք

Յատկանշական է, որ այդ նոյն Google-ը ոչ մէկ արեւմտահայ կիրարկութիւն կը տրամադրէ, որպէսզի տարրակաան գաղափար մը ունենանք, թէ ինչպէ՞ս գործածուած է ան արեւմտահայերէնի մէջ:

Եւ հիմա հարց է. այս բայը որեւէ արեւմտահայերէն կիրարկում ունեցա՞ծ է:

Եթէ այո,— ինչ  որ շատ կասկածելի է,— ապա ի՞նչ  կրնայ ըլլալ  ան:

Եթէ որեւէ ընթերցող կրնայ հայթայթել որեւէ բնագրային  օրինակ, մեծապէս  երախտաապարտ կ’ըլլամ եւ զայն կը փոխանցեմ ընթերցողներուս:

Իսկ ինչո՞ւ որեւէ նման օրինակ չեմ յաջողիր գտնել:

                                                                      *   *   * 

Ինծի կը թուի, թէ արեւմտահայ լեզուամտածողութիւնը պիտի մերժէր  համընկնիլ-ին տալ ածանցական խոնարհում, ինչպէս այդ ըրած է արեւելահայե-րէնը.  այլ խօսքով՝ ես չեմ պատկերացներ արեւմտահայ բերան մը, որ արտասանէ՝  

համընկայ-համընկար-համընկաւ, 

Առաւել եւս՝          համընկի՛ր, համընկէ՛ք:

Մենք պէտք է ունենայինք պարզ կանոնաւոր բայ մը, քանի որ նոյն համ նախածանցով դնել ածանցաւոր բայը տուած  է համադրել պարզ կանոնաւոր բայը, որ կը խոնարհենք՝

                         համադրեցի-համադրեցիր-համադրեց

համադրէ՛-համադրեցէ՛ք

Բերի-բերիր-բերաւ ածանցական  խոնարհում ունեցող բերել  բայը համ նախածանցին հետ կը դառնայ պարզ կանոնաւոր՝

համբերեցի-համբերեցիր-համբերեց

համբերէ-համբերեցէ՛ք

Տեսայ-տեսար-տեսաւ ածանցաւոր բայը իր կարգին կը կանոնաւորուի համ առնելով՝

համտեսեցի-համտեսեցիր-համտեսեց

համտեսէ՛-համտեսեցէ՛ք

Օրինակներս կը թելադրեն, որ համընկնիլ-ը ունենայ նմանապէս պարզ կանոնաւոր խոնարհում՝ իլ լծորդութեան պարզ բայերու կաղապարով: Այսինքն՝ 

համընկնեցայ-համընկնեցար-համընկնեցաւ

համընկնի՛ր-համընկնեցէ՛ք

                                                                      *   *   *

Համընկնիլ-ը միւս օրինակներէն՝ համադրել, համբերել, համտեսել, կը տարբերի անով, որ իր կազմին մէջ կը պահէ  «ն» ածանցը,— մինչ միւսները՝ համադրել, համտեսել,  զերծ են ածանցէ,— եւ մենք իրեն կու տանք պարզ կանոնաւոր խոնարհում մը, հակառակ այդ ածանցի ներկայութեան:

Համընկնիլ-ը բացառութիւն չէ այս առումով:

Աշխարհաբարը ուրիշ բայերու պարագային եւս  պահած է  անոնց ածանցը եւ սակայն զանոնք խոնարհած իբրեւ  պարզ կանոնաւոր բայեր:  Այսպէս են՝ 

--կլլել, որ երբեմնի կլանել ածանցաւոր բայն է, որ կու տար կլի-կլեր-կուլ,  եւ որ աշխարհաբարի մէջ ամփոփուած է՝ առանց նետելու «ն» ածանցը, որ   դարձած է «լ». ասոր աշխարհաբարը կու տայ՝  կլլեցի-կլլեցիր-կլլեց կանոնաւոր խոնարհումը:

--հանգչիլ, որ գրաբարի մէջ ունէր հանգեայ-հանգեար-հանգեաւ  ածանցական խոնարհումը, մինչ աշխարհաբարի մէջ ան պահելով հանդերձ իր «չ» ածանցը,  կը խոնարհուի իբրեւ «իլ» լծորութեան պարզ բայ՝ հանգչեցայ-հանգչեցար-հանգչեցաւ:

--յառնել, որ գրաբարի մէջ ունէր յարեայ-յարեար-յարեաւ ածանցական խոնարհումը, մինչ աշխարհաբարի մէջ, պահելով հանդերձ իր «ն» ածանցը, կը խոնարհուի իբրեւ «ել» լծորդութեան պարզ բայ՝ յառնեցի-յառնեցիր-յառնեց:

--զբօսնել, որ գրաբարի մէջ ունէր զբօսայ-զբօսար-զբօսաւ ածանցական խոնարհումը, մինչ աշխարհաբարի մէջ, պահելով հանկդերձ «ն» ածանցը, կը խոնարհուի իբրեւ «ել» լծորդութեան պարզ բայ՝ զբօսնեցի-զբօսնեցիր-զբօսնեց:

Այս տուեալներով՝ բերուած բայերուն մէջ երբեմնի բայածանցները պարզապէս ձուլուած են բայարմատին  կամ բայաբունին մէջ՝ յառաջացնելով  նոր արմատներ կամ բուներ՝ համընկն, կ(ու)լլ, հանգչ, յառն, զբօսն

Մրցոյթ 172.

***Լրացո՛ւր կէտերը:

---Շատ անհաճոյ է բամբասուիլ շրջապատէն,  սակայն անհամեմատ աւելի անհաճոյ է բնաւ  չբամբասուիլ (Օսկար Ուայլդ):

***Փոխարինէ՛ սխալ կիրարկուած բառը:

---Երեւան եւ Բաքու տարատեսակ հարցերու շուրջ պիտի բանակցին:

***Փորձէ՛  աւելի տպաւորիչ ու բարեհունչ շարադասել հետեւեալը.

---Ո՞ր տարիքէն  կ’արձանագրուին մեր առաջին յիշատակները:

***Կէտերը փոխարինել այլ կամ այլեւ շաղկապով.

---Ոչ միայն  նշենին, այլ բոլոր ծառերը  ծաղկած են:

---Ոչ միայն նշենին, այլեւ    բոլոր խնձորենիները ծաղկած են:

***Դադրած է՞,  թէ՞ դադրած են:

---Աշխատանքէ  դադդրած է 7 հիւանդանոց  32 բուժծառայողով:

     Աշխատանքէ  դադրած են 7 հիւանդանոց եւ 32 բուժծառայող:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Համբարձում Յարթունեան (6), Ցոլակ Ապտալեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (7), Գէորգ Եազըճեան (8), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Եփրեմ Թոքճեան (8):

Մրցոյթ 173.

***Լրացո՛ւր ասոյթը.

---Ամէն անգամ, որ մարդիկ կը հաւանին ըսածիս, իսկոյն կ’անդրարառնամ, թէ կը . . . . . . . . . . :

***Բարելաւէ՛  շարադասութիւնը հետեւեալին.

---Այդ սկզբունքները բոլոր կողմերուն պահանջները կը համախմբեն գործարքի մը մէջ:

***Դուն ինչպէ՞ս կ’ըսէիր հետեւեալը.

---Մայրս դարակներէն մէկուն վրայ զետեղած էր Յիսուսի պատկեր մը:

***Ո՞ր մէկը՝  է  թէ՞  է .

---Անկախութիւնն ու պետականութիւնը մեր գերագոյն նպատակն  . . . . .:

     Անկախ պետականութիւնը  մեր ազգին թագն ու պսակն . . . . .:

***Վերաշարադասէ՛ հետեւեալը. 

---Վեհափառ հայրապետը նաեւ իր վշտակցութիւնը յայտնեց յանուն Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի հայ համայնքին,  զոհուածներու  ընտանիքներուն եւ Իրանի ժողովուրդին: 



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com