1.Գիտնանք զանազանել կէտադրութիւնը.
հարաւ-արեւելք հարաւարեւելեան
հիւսիս-արեւելք հիւսիսարեւելեան
հարաւ-արեւմուտք հարաւարեւմտեան
հիւսիս-արեւմուտք հիւսիսարեւմտեան
2. Ընթերցող մը հարց կու տար, թէ ի՛նչ հոլով խնդիր կ’առնէ վարանիլ բայը.
--վարանիլ բանի՞ մը, թէ՞ վարանիլ բանէ մը:
Առ այս կատարեցի հետազօտութիւն մը, որ տուաւ հետեւեալ արդիւնքը.
--Սրտադողիս մէջ կը վարանիմ իրեն հետեւելու (Գ. Զոհրապ, «Ճեյրան»):
--Այս Նոր տարուան սեմէն, Հա՛յր իմ,
Ներս անցնելու կը վարանիմ («Աւետաբեր», հատոր 40, թիւ 1, էջ 1, 1887):
--Կը վարանիմ ըսելու՝ կը վերադառնանք (Վրէժ-Արմէն, «Ոստայն-6»):
--Կը վարանիմ կառավարութիւնը ժողովի հրաւիրելու («Ազդակ», 29/12/2021):
--Մտքէս խօսքեր կը խուժեն գրչիս ծայրը, ու կը վարանիմ զանոնք գրելու (Արծրուն Աւագեան, «Գրական թերթ», 5/4/2017):
--Բայց կը վարանիմ գալ Գեթսեմանի,
Ուր քունով մ’աչքերս պիտի ծանրանան (Եղիշէ Դուրեան, «Ետեւէ՛ս եկուր»):
--Շրթներուս ծայրը կու գան տրտում տողեր, զորս կը վարանիմ արտասանել (Վազգէն Շուշանեան):
Եւ ահա, ինչպէս նկատելի է, այդ հետազօտութիւնը, որ կը հիմնուի արեւմտահայերէնին տիրապետող գրիչներու վրայ, մեզ կը դնէ բոլորովին ուրիշ կացութեան մը առջեւ.
ա. Ըլլալով չէզոք բայ՝ վարանիլ-ը կ’առնէ տրական հոլով խնդիր՝ հետեւելու, անցնելու, ըսելու, հրաւիրելու, գրելու,− ինչ որ բոլորովին օրինաչափական է:
Բայց նաեւ՝
բ. Անդին ունինք գալ եւ արտասանել հայցականները, որոնք ձեւով մը... գայթակղեցուցիչ են, բոլորովին՝ անսպասելի:
Իսկ բացառական հոլովի հետքն անգամ չկայ:
Ի՞նչ մտածել այս կացութեան ընդառաջ:
* * *
Իրողութիւնը այն է, որ հայերէնը վաղուց հակում ցոյց կու տայ թօթափելու տրական հոլովը այն բայերուն, որոնք իբրեւ խնդիր կը ծառայեն այլ բայի մը, ինչպէս է պարագան վարանիլ բային, որ եթէ մեծ մասամբ տրական հոլով խնդիր առած է, ապա ան գոհացած է նաեւ հայցական հոլովով՝ արտասանել եւ գալ:
Տրականը թօթափելու այս հակումը բաւական ճամբայ կտրած է. օրինակ՝ - Պարտաւորուեցան մերժել հրաւէրդ:
- Հրաւիրեցին հաշտուիլ այս կացութեամբ:
- Այս քայլերը կը միտին խախտել հաւասարակշռութիւնը:
- Կ’ամչնային յիշեցնել անոր պարտքը:
- Ան մտադիր չէ իր խօսքին տէրը ըլլալ:
- Մեր ընկերները ստիպուած են պահանջել:
- Համբարձում աղա ժամացոյցը մէջտեղ կը հանէր, երբ հարկ տեսնուէր զայն լարել եւ ուղղել (Երուանդ Օտեան, «Համբարձում աղա»):
-Ադրբեջանը իրաւունք չունի դառնալ մրցումներու անցկացման վայր («Արմէնպրես», 27-5-15):
Այս օրինակներուն ութն ալ ենթադրուած էին ունենալ տրական հոլով խնդիր, բայց ահա բոլորն ալ առած են հայցական հոլով խնդիր, եւ արդի հայերէնը բոլորովին հաշտ է հոլովական այս «մեղանչում»-ներով: Պայմանաւ անշուշտ որ չգործուին սապիսի «աչք ծակող» չափազանցութիւններ. օրինակ՝ «Չորս հոգի բաւական չէին կրել այնչափ... ծանրաբեռնեալ ննջեցեալն» (ՅՊ, Ազգային ջոջեր, «Խորէն Գալֆայեան»),− ուր կրել հայցականը առայժմ խորթ կը հնչէ, եւ պէտք է ունենայինք կրելու տրականը: Նոյնպէս ալ՝ «Բնաւ պէտք չունիմ գիտնալ, թէ Մարտիրոս աղան որո՛ւն տղան է» (ՅՊ, «Մեծապատիւ մուրացկաններ»):
* * *
Կացութիւնը բոլորովին նոյնն է արեւելահայերէնի մէջ՝ սա՛ տարբերութեամբ, որ այնտեղ երեւոյթը շատ աւելի տարածուն ու ընդգրկուն է. բոլորովին հազուագիւտ է տրականի կիրարկութիւնը:
Եւ կայ շատ աւելին:
Արեւելահայերէնը ազատօրէն կը թօթափէ բացառական հոլովն ալ. օրինակ՝
--Նա խուսափում էր Մարտիրոսի մասին մի ստոյգ բան ասել (Սերո Խանազատեան):
Ուր արեւմտահայերէնը կը պահանջէ ըսել՝ կը խուսափի ըսելէ (բաց.):
-- Հրաժարուէ՞ր իր զօրքի վրայ կրակողներին պատասխանել («Ազգ», 3-6-16)՝ փոխանակ պատասխանելուց:
-- Արկատիո Երկրորդը դադարել էր պատկանել իր ընտանիքին» (Ռուբէն Յովսէփեան, «Հարիւր տարուան մենութիւն», էջ 260)՝ փոխանակ պատկանելուց:
-- Պաշտպանները խուսափել են այս հարցի վերաբերեալ յատուկ դիրքո-րոշում յայտնել» (Հետք.ամ, 3-9-18)՝ փոխանակ յայտնելուց:
-- Նա խուսափում էր մի ստոյգ բան ասել (ՍԽ)՝ փոխանակ ասելուց:
Արեւմտահայը այս հինգը առանց բացառութեան պիտի գրէր բացառականով: Թէեւ վրէպներ բացառութեան կարգով կրնան պատահիլ. օրինակ՝
--«Օպամա Էրտողանը կը նկատէ միապետական ղեկավար մը, որ կը հրաժարի օգտագործել իր հսկայական բանակը...» («Ազդակ», 12-3-2016, էջ 10):
* * *
Այս բոլոր շեղումները կը պատահին մի՛միայն անորոշ դերբայ խնդիրի պարագային: Եթէ խնդիրը այլ բառ է, օրինակ՝ գոյական, դերանուն, ապա ոչ մէկ շեղում կը նկատուի ընդհանուր հայերէնի մէջ. օրինակ՝
--Կանայք դարձեալ պիտի խուսափին նրանից (Ակսել Բակունց):
--Դժուարութիւնից մի՛ խուսափէք, ինչպէս սատանան խուսափում է կրակից (Սերո Խանազատեան):
--Նա հրաժարուեց իր հարազատ որդուց (Ստ. Մալխասեան):
--Ես միշտ խուսափում էի նրանից (Ստ. Մալխասեան):
Մրցոյթ 162.
***Կէտերը փոխարինէ՛ շնորհիւ կամ հետեւանքով բառերէն մէկով:
---Ձմռան յորդ անձրեւներուն շնորհիւ առատ բերք ունեցանք ամառը:
---Ձմռան յորդ անձրեւներուն հետեւանքով քանդուեցան կարգ մը կամուրջներ:
***Բառ մը իր տեղը չէ. ուղղէ՛ անոր դիրքը.
---Անոնք պայթեցուցին նաեւ քարայրի մը հիւսիսարեւելեան մուտքը:
***Կայ անյարմար բառ մը. գտի՛ր ու փոխարինէ՛ զայն մէկ ուրիշով:
---Թշնամի ուժերը վիրաւորեցին զայն եւ ձգեցին որ մէկ ժամ արիւնաքամուի:
***Վերաշարադասէ՛ ու վերաշեշտէ՛ հետեւեալը.
---Սեղմել ձեռքը միայն անո՛ր, որ կը ճանչնայ մեր անկախութիւնը:
***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիր «Արարատ»-ի հետեւեալ գոհարը.
---Թրամփի քայլերէն մէկը պիտի ըլլայ սահմանին փակումը, միւսը՝պատանդ-ներու արձակումը:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (7), Ցոլակ Ապտալեան (5), Վահէ Աբէլեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (3), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Համբարձում Յարթունեան (8), Եփրեմ Թոքճեան (5), Պերճ Տէր Սաահակեան (5):
Մրցոյթ 163.
***Կէտերը փոխարինէ «զուր» կամ «ի զուր» բառերէն մէկով.
---Մեր մարտիկները... փորձեր կատարեցին պաշտպանելու իրենց դիրքերը:
---Մեր մարտիկները... փորձեցին պաշտպանել իրենց դիրքերը:
***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադասես հետեւեալը.
---Դէպի Նախիջեւան միջանցք ստանալու՝ Ատրպէյճանի պահանջը պիտի աւելցնէ զինուած առճակատման վտանգը
*** Բառ մը իր տեղը չէ. սրբագրէ՛ այդ սխալը.
---Բանակը այսուհետեւ նաեւ թիրախ պիտի դարձնէ Հնդկաց ովկիանոսի նաւերը:
***Դուն ինչպէ՞ս կը վերնագրէիր «Արմէնպրէս»-ի հետեւեալ լուրը.
---Հայաստանում այս ձմեռը եղել է վերջին 57 տարիների ամենատաք ձմեռը:
***Արեւմտահայերէնի վերածէ՛ հետեւեալը.
---Իրենք կը զղջան Դիմադրութեան հետ փոխըմբռնումի համայայնագիր ստորագրելու համար:
Արմենակ Եղիայեան