image

Հայերէնը կը զուարճանայ (141)

Հայերէնը կը զուարճանայ (141)

1. Մեր նախորդ յօդուածի մրցոյթի առաջին հարցումն էր՝

            --Մարդ միշտ բաւարար ուժ ունի կրելու ուրիշին...........:

            Շատեր ըսած էին բեռը, ինչ որ ճիշդ չէ. բեռի մը կրումը կախեալ է իւրաքանչիւրիս ֆիզիքական դրուածքէն, ոչ մեր կամքէն:  Ճիշդ պատասխանն է՝ ցաւը:

            Ասոյթը առնուած է ֆրանսացի խորհրդագէտ La Rochefoucauld-էն[1], եւ կը բովանդակէ շատ խոր  դիտարկում մը. մարդ իր  սեփական ցաւերը յաճախ չի կրնար կրել, «պիտի մեռնիմ» կը յաւակնի, «Աստուած հոգիս առնէ ալ ազատիմ»  կը մաղթէ. պատահած է, որ մինչեւ իսկ անձնասպան ըլլայ: Սակայն չէ պատահած, որ ուրիշին ցաւին հանդէպ,− որքան ալ մեծ ըլլայ ան,− ցուցաբերենք նոյն վերաբերումը, մինչեւ անձնասպան ըլլալը: Միշտ ալ կը դիմանանք. կը նեղուինք, կ’ընկճուինք, ընդհուպ կը տառապինք  եւ ի վերջոյ... կը մոռնանք:

            2.«Ասպարէզ»-ը մեր այն լրագիր(ներէ)ն է, որ անտեղիտալիօրէն կառչած է իր աւանդական սխալներուն,− «ինչպէս կրիան իր պատեանին» պիտի ըսէր Դանիէլ Վարուժան,− եւ ոչ մէկ բան սրբագրելու տրամադրութիւն ունի:

            Միասնաբար քանի մը յօդուած կարդանք անոր 29/9/2023-ի թիւէն՝ նախաճաշակ մը ունենալու համար անոր կիրարկած մարգրիտներէն:

            Սկսելու համար՝

            Ինչ որ թիւ-թուական կը թելադրէ,  կը կատարուի ամերիկեան ոճով կամ ամերիկերէն. հայկականը  լուսանցքի վրայ է, աւելի ճիշդը՝ ընդմիշտ անտեսուած է:

            --Օգոստոս 30, 2023...այսինքն՝ բնիկ ամերիկացաիի պէս:

            Փոխանակ գրելու 30 օգոստոս 1923՝ հայու պէս:

            Ամերիկեան  ոճով կը թուագրեն նաեւ «Հայրենիք»-ը, «Պայքար»-ը, «Մասիս»-ն ու... «Ժամանակ»-ը: Այլեւ ծանօթ ազգայիններ, ինչպէս Կարո Արմէնեանը, Արա Գոչունեանը...

            --1900ականներու, 44օրեայ,  ՄԱԿի

            Փոխանակ՝ 1900-ականներու, 44-օրեայ, ՄԱԿ-ի

            --97,000           20,000             2.3           67.16

            Փոխանակ՝   97.000           20.000             2,3           67,16 

            Թերեւս ըսուի, թէ ամէն մարդ պարտի գրել ըստ շրջապատի սովորութեան:

            Անշուշտ, միշտ այս չէ պարագան. «Ժամանակ»-ի շրջապատը՝ թուրքը, Օգոստոս 30, 2023 չի գրեր, անշուշտ Թուրքիոյ հայն ալ այդպէս չի գրեր. բայց Գոչունեան կը գրէ:

            Մեր ակնկալութիւնը այն է, որ ներհայկական ծիրէ ներս՝  մամուլ, հայոց լեզուի դասագիրք, ներքին գրագրութիւն ու նամակագրութիւն՝ դպրոցական, եկեղեցական եւ նմանները, յարգեն թիւերու եւ թուային բաղադրիչներու հայեցիութիւնը: Մնացեալով միայն պատշաճին տեղական սովորութիւններուն: Այս փոքրիկ մանրամասնու-թիւնները  սերունդներուն հայեցիութիւն կը թելադրեն, ճիշդ ինչպէս մեզ շրջապատող  արար աշխարհի միակէտ վերջակէտին փոխարէն կը սորվեցնենք  երկկէտ վերջակէտը...  գոնէ մինչեւ այսօր: Վաղը «Ասպարաէզ»-ներ, «Հայրենիք»-ներ, «Ժամանակ»-ներ  եւ նմանները ինչպէ՞ս  պիտի գրեն՝ չենք կրնար գուշակել:

            --Խորագրերը փոքրատառ կը գրէ, բարեբախտաբար, բայց... կը գլխագրէ անոր իւրաքանչիւր բառը, օրինակ՝

            Ֆրանսա Պէտք Է Շարունակէ Ճնշումը...

          Արցախի 3 Բնակիչները Առեւանգուեցան...

            Այս   օտարոտի ու մերժելի ոճով կը գրեն նաեւ «Յուսաբեր»-ը, «Զարթօնք»-ը, հայրենի «Եռագոյն»-ը, «Արեւելք»-ը   եւ ուրիշներ:

            Հոն ուր հայեցի ոճը կը պահանջէ գրել՝ «Ֆրանսա պէտք է շարունակէ ճնշումը»:

            Ծանօթ.− Թելադրելի է,  որ միաւոր թիւերը`  մէկէն մինչեւ տասը, գրուին տառերով: Անկէ անդին միայն՝ 17    83      174       87.463  եւ այլն գրուին թուանշաններով: Սա ճաշակի հարց է, աչքի ու տեսողութեան հարց է:

*   *   *

            --յստակեցուց

          Արեւմտահայերէնը կ’ըսէ՝ յստակ-յստակացնել-յստակացուց:

          Յստակեցուց-ը արեւելահայերէն է:

            Մենք հակառակութիւն մը չունինք  փոխառութիւններու հանդէպ՝ պայմանաւ,  որ փոխ առնուի  մեր չունեցածը միայն: Արեւելահայուն ալ սորվեցնել, որ իր մայրենիի բառերը ձգելով ռուսերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն ու անգլերէն, այլեւ թրքերէն չգրէ:

            --Ատրպեյճանական կողմին մօտ համարձակութեան զգացում կայ...

            Այդ զգացումը ազերիին մօ՞տ է, թէ՞... մէջը:

            Զգացում ըսուածը ինչպէ՞ս կրնայ  մէկուն մօտը ըլլալ:

            --Ազրպեյճանցիները սկսած են  զինուորականներու  ձերբակալութիւններուն...

            Կայ յոգնակիի անհաշիւ մսխում մը, որ տաղտկալի, վանողական ու սխալ է. պէտք է գոհանալ ձերբակալութիւն ըսելով. « զինուորականներու ձերբակալութեան»:

            --29 Սեպտեմբերին, պաշտօնապէս հաստատուեցաւ...

            Ստորակէտը աւելորդ ու մանաւանդ սխալ է:

            Ամսանուններն ու օրանուններն ալ լաւ է որ չգլխագրենք. մէկ սեպտեմբեր ու մէկ երկուշաբթի չկայ, փառք Աստուծոյ, շատ են անոնք, Աստուած աւելին տայ:

            --Տեղեկութիւն  չունին՝ ո՞ւր են, ո՞ղջ են, թէ գերի...

            Այստեղ ունինք երեք հարցական. որոնց կարգին՝  գերի ըլլալը: Ուրեմն պարտինք գրել՝ «ո՞ղջ են, թէ՞ գերի»:  Ամերիկայի գիւտը չէ որ կ’ընենք, այլ  պարզապէս կը հետեւինք մեր արտասանութեան:

            --Անտեղիօրէն արցունքաբեր կազ օգտագործած  են...

          Անտեղիօրէն-ը անմարսելի խժալրութիւն մըն է: Անտեղի բաւարար է:

            --Սեպտեմբեր  6-10

            Պէտք է ըլլայ՝ 6−10  կամ  6--10, այլ խօսքով՝ միութեան գծիկի փոխարէն անջատման գիծ կամ զոյգ գծիկ, որպէսզի արտասանենք՝ «վեցէն մինչեւ տասը»:

            Այնպէս, ինչպէս գրուած է, եւ կը գրեն, դժբախտաբար մեր գրեթէ բոլոր թերթերը,− բացի «Հորիզոն գրական»-էն եւ «Նոր Յառաջ»-էն,− միութեան գծիկով կը կարդացուի՝ վեց-տասը,  որ... իմաստ չունի:

            Մրցոյթ 138.

            ***Լրացո՛ւր հետեւեալ ասոյթը.

            --- Կերակուր մը ուտելը այնքան գիտելիք չի պահանջեր, որքան զայն պատրաստելը:

            ***Լրացո՛ւր նախադասութիւնը որ  կամ թէ շաղկապներով:

            ---Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ ինք համոզուած է, թէ հաւանական է լուծումի մը հասնիլ:

            ***Ընդգծէ աւելորդ որոշիչ յօդերը եւ աւելորդ բառը:

            ---Նախագահներ Փութին եւ Ռայիսի մտքեր փոխանակած են յարաբերու-թիւններու կարգաւորման   շուրջ:

            ***Վերաշարադասէ  հետեւեալ նախադասութիւնները, որոնք թրքերէն դամբանականի հնչեղութիւն ունին.

            ---Պէտք է Արեւմուտքէն ստանալ  երաշխիքներ՝ վերացնելու Լիբանանի շրջափակումը, ինչպէս նաեւ ապահովելու տեղահանուածներու տունդարձը:

            ---Պէտք է ճշդուի ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի միացեալ սակ մը, ինչպէս նաեւ կանոնաւորուի  տուրքերու  դրութիւնը, այլ խօսքով՝  որդեգրուի տուրքերու նոր քաղաքականու թիւն մը:

            Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (9), ՎահէԱբէլեան (6), Ցոլակ Ապտալեան (3), Մարք Շիրին(6), Գեղամ Խաչատրեան (1), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (3), Գրիգոր Սիմոնեան (7), Համբարձում Յարթունեան (10), Եփրեմ Թոքճեան (10), Պերճ տէր Սահակեան (2):

            Մրցոյթ139.

          ***Լրացուր ասոյթը

            ---Լռութիւնը այն մանեակն է, որ կիները ընդհանրապէս կը խուսափին . . . . . . . :

            ***Ջնջել աւելորդաբանութիւնները.

            ---Լեռները այն վայրերն են, ուր մարդ աւելի դիւրութեամբ, հանգստութեամբ եւ արագ կերպով կրնայ հանդիպիլ Աստուծոյ հետ:

            ***Լրացո՛ւր կէտադրութիւնը   հետեւեալ նախադասութեան.

            ---Ուղղափառ եպիսկոպոսը զգուշացուց Լիբանանը իր զաւակներէն պարպելու փորձերէն:

            ***Վերաշարադրէ՛  արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.

---Երիտասարդները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին բռնի տեղահանուող  ԼՂ-ի հայերուն:

            ---Կողմերը մօտ եղած են զինադադարի վերաբերեալ  համաձայնութիւն կայացնելուն:

    

Արմենակ Եղիայեան

 

 

 


[1] Nous avons toujours assez de force pour supporter les maux d’autrui.