Երէկ - վերջին տարիներուն ընթացքին չեմ գիտեր քանիերրորդը անգամն ըլլալով, ընկեր մը գրեց առաջարկելով որ գրառումներս նաեւ անգլերէնով տեղադրեմ։ Այս ընկերս կ՚ըսէր, թէ նիւթերէս ոմանք կրնան հետաքրքրել ամերիկահայերու որոնք հայերէն չեն կարդար, թէ նոյնիսկ ինքը որ լիբանանահայ է դժուարութեամբ հայերէն կը կարդայ, թէ նոր սերունդէն ոմանց համար դժուար կրնայ հայերէնով նիւթեր կարդալ, եւայլն, եւայլն...
Պատասխանեցի ընկերոջս այն ինչպէս որ պէտք էր, բայց քանի որ այս արդէն 3րդ թէ 4րդ նման ակնարկն է ինծի ուղղուած տարիներու ընթացքին, որոշեցի այստեղ եւս բաժնել մտքերս։
Առաջին հերթին ըսեմ, թէ ես 15 տարեկանէս Միացեալ Նահանգներու մէջ կը բնակիմ, այսինքն կեանքիս 3/4ը։ Եթէ համալսարանական տարիներս հաշուեմ, մօտ 12 տարի անգլերէնով ուսանած եմ։ Պէյրութէն հեռանալէս ետք, մէկ օր հայկական վարժարան չեմ յաճախած (չնայած որ այնտեղ ալ պատերազմի պատճառով վերջին 1-2 տարին կցկտուր կերպով դպրոց գացած եմ):
Ասպարէզս այնպիսին է որ շրջապատուած եմ անգլերէնով, կինս ու աղջիկս ԱՄՆ ծնած հայեր են։ Մէկ խօսքով, Ամերիկա բնակող ոեւէ հայու չափ պատճառ ունեցած եմ (եւ ունիմ) որպէսզի հայերէնով հանգստօրէն չ՚արտայայտուիմ։ Շատ պահեր կան որ «անգլերէնով կը մտածեմ», շատ ատեն ալ ինծի համար անգլերէնով աւելի հեշտ է արտայայտուիլ։
Ինծի համար հայերէն խօսողը - ալ ուր մնաց հայերէն գրողը - ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ հայ չէ, եւ այնքան մը խելք ունիմ հասկնալու թէ լեզուն հաղորդակցութեան միջոց մըն է, եւ մարդիկ կ՚արտայայտուին այն լեզուով որմով աւելի դիւրութեամբ կրնան հաղորդակցիլ։
ԲԱՅՑ։
Հայերէնով գրառումներ ընելս կամ նոյնիսկ գրականութիւն արտադրելս՝ հաստատում մըն է, ինչպէս անգլերէն կ՚ըսեն «statement» է։
Հայերէնով գրելը ինձմէ աւելի ճիգ կը պահանջէ քան անգլերէնով գրելը։ Բայց կը յամառիմ հայերէն գրել որովհետեւ գիտեմ թէ հայերէնով կարդալ ուզողը շատ հեշտութեամբ, մէկ կոճակով, կրնայ զայն թարգմանել, նոյնիսկ եթէ հայերէնը չհասկնայ։ Յատկապէս Facebookը կու տայ այդ դիւրութիւնը։
Չեմ հասկնար, չեմ ընդունիր երբ ծնողներ նուազագոյն ճիգը չեն ըներ որ իրենց զաւակները հայերէնի եւ հայկական մշակոյթի հետ գէթ մակերեսային ծանօթութիւն ունենան։ Ասիկա առօրեայի ընթացքին հայերէն խօսելու մասին չէ, ոչ ալ զօռով հայերէնը հաղորդակցութեան միջոց օգտագործելու։ Կը հասկնամ թէ կան միջավայրեր ուր շատ դժուար եղած է, կամ եղած են ժամանակաշրջաններ երբ հայերէն լեզուի ծանօթանալը մեծ մարտահրաւէր էր։ Այսօր, ինթերնէթով եւ այլ միջոցներով, առցանց դասերու միջոցաւ հազար ու մէկ ձեւ կայ լեզուի մը, կամ որեւէ լեզուով մշակոյթի ծանօթանալու։
Հայերէնը ՈԵՒԷ հայու էութեան, ինքնութեան մաս կը կազմէ։ Ըստ իս, հայը նոյնիսկ եթէ բառ մ՚իսկ հայերէն չի խօսի, նուազագոյն ծանօթութիւն մը պէտք է ունենայ այն լեզուին ու մշակոյթին հետ, որոնք ին իր ինքնութիւնը կը սահմանեն որպէս հայ։
Անպայման որ այդպէս է։
Աւելցնեմ, որ ուղղակի կը զզուիմ մարդոցմէ որոնք թերի հայերէն օգտագործողներուն, կամ թերի ուղղագրութեամբ հայերէն գրողներուն կը քննադատեն, կը մերժեն, անոնց վրայ կը խնդան։
Այդ տեսակի մարդիկ աւելի մեծ վնաս կը հասցնեն հայերէն լեզուի օգտագործման հանդէպ, քան թէ հայերէն չ՚օգտագործողները։
Երկար գրեցի, շատ աւելին կրնամ գրել, բայց կ՚ենթադրեմ միտք բանին հասկցաք։ Հայերէնը կամ անոր օգտագործումը չէ որ կը չափէ մարդու մը ազգային պատկանելութիւնը, կամ լաւ թէ վատ հայ ըլլալը։ Բայց, եթէ մարդ կ՚ըսէ թէ ինքը հայ է, անհասկնալի պիտի ըլլայ որ իր կապը չստեղծէ իր լեզուին եւ մշակոյթին հետ, իր զաւակներուն առջեւ առիթներ չստեղծէ որպէսզի անոնք եւս որոշ ծանօթութիւն ունենան իրենց ինքնութեան, իրենց լեզուին եւ մշակոյթին հետ։
Ասոր համար է որ հայերէն լեզուով կը գրեմ, սիրելի ընկերներ։ It’s a statement.
Հիմա translation կոճակը սեղմեցէք, եւ գրածս ձեր ուզած լեզուով կարդացէք։