«Հայեր միացէ՛ք». Արամ Ա. Վեհափառ միացաւ երգողներուն (Տեսանիւթ)

 «Հայեր միացէ՛ք». Արամ Ա. Վեհափառ միացաւ երգողներուն (Տեսանիւթ)

 

 Յիշեցնենք նաեւ, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս միշտ ալ ջատագովը եղած է Արցախեան պայքարին, եւ հայրապետը  24 Ապրիլի առթիւ իր տուած պատգամին ընթացքին ահազանգ հնչեցուցած է Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին առընթեր ու նաեւ ահազանգային վիճակէն դուրս գալու համար կոչ ըրած էր արագօրէն կազմել ազգային խորհուրդ-համաժողով մը։

Օրերս Պէյրութի մէջ կայացած ազգային-հոգեւոր երգերու համերգի  (Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի համերգին)ընթացքին մեծ խանդավառութիւն ցոյց տուած է համերգին հոգեւոր հովանավորչութիւն ցոյց տուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։

 Այս մասին տեղեկութիւնը տարածուեցաւ համերգի այդ հատուածին ընթացքին նկարահանուած կարճ տեսանիւթիւն ճամբով։ 

Արամ Ա. Վեհափառ, որ Արցախեան պայքարի «Հայեր միացէք, միացէք հայեր» երգը լսելով բեմ բարձրացաւ եւ ինք եւ խանդավառութիւն ցուցաբերելով մասնակցեցաւ այդ երգասացութեան։

Պահուան մը համար ամբողջ սրահը թնդաց եւ հարիւրաւոր ներկաներ նոյնպէս երգեցին այդ ոգեշնչող երգը։

 

 

 

 

 Յիշեցնենք նաեւ, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս միշտ ալ ջատագովը եղած է Արցախեան պայքարին, եւ հայրապետը 24 Ապրիլի առթիւ իր տուած պատգամին ընթացքին ահազանգ հնչեցուցած է Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին առընթեր ու նաեւ ահազանգային վիճակէն դուրս գալու համար կոչ ըրած էր արագօրէն կազմել ազգային խորհուրդ-համաժողով մը։

 

 Համադրուած լուրը՝ «Արեւելք»ի