Արցախի նախկին պետնախարար, բարերար Ռուբէն Վարդանեանի միջազգային փաստաբան Ճարետ Կենսըրը պատասխանած է ՀՀ վարչապետին։ Ան X–ի իր էջէն նամակով դիմած է Նիկոլ Փաշինեանին` իր պաշտպանեալի ու միւս հայ գերիներու ազատ արձակման հարցով։
Նշենք, որ մարտ 5-ին Ազգային Ժողովէն ներս կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ, պատասխանելով հարցին, թէ յայտարարութիւններէն այն կողմ ի՞նչ կ՚ընէ կառավարութիւնը հայ գերիները տուն վերադարձնելու համար, Փաշինեանն ըսած է` խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը մէկն են այն գործողութիւններէն, որոնք յայտարարութիւններէն այն կողմ կրնան նպաստ բերել խնդիրներու լուծման։ Ան նաեւ ընդգծած է, որ ՀՀ վարչապետի աշխատանքային պարտականութիւնն է կեդրոնանալ ոչ միայն մէկ անձի, այլեւ ՀՀ պետական շահերու եւ ՀՀ քաղաքացիներու շահերու վրայ, այդ շարքին՝ համաչափօրէն, խելամիտ ձեւով կեդրոնանալ նաեւ մէկ անձի խնդիրներու լուծման վրայ։
«Ես չեմ կրնար չհամաձայնիլ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, որ ան պէտք է «համաչափ» եւ «խելամիտ» ջանքեր գործադրէ իմ պաշտպանեալ Ռուբէն Վարդանեանը, ինչպէս նաեւ այլ հայ քրիստոնեայ քաղբանտարեալներն ու Ատրպէյճանի կողմէ պահուող ռազմագերիները ազատ արձակելու համար։ Այդ իսկ պատճառով իմ նամակիս մէջ նշուած են կէտեր, որոնք հիմնուած են բացառապէս այն օրինակներու վրայ, թէ ինչ ըրած են միւս կառավարութիւններն իրենց պատանդները ազատելու համարի իմ 25 տարուան աշխատանքի ընթացքին։ Անշուշտ, հայ պատանդներն արժանի են նոյնպիսի օգնութեան, ինչպիսին կը տրամադրեն միւս կառավարութիւնները, այնպէս չէ՞»,– գրած է Կենսըրը։
Ան օրինակ բերած է դրուագ մը, երբ ներկայացուցած է Իրանի մէջ 2 ամերիկացի պատանդի շահերը (հայր ու որդի եղած են։ Փաստաբանը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պարբերաբար կը հանդիպէր այդ անձանց ընտանիքի հետ, Իրանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատան մէջ կար Միացեալ Նահանգներու շահերու պաշտպանութեան բաժին, որ հանդէս կու գար բանտերու պայմաններու բարելաւման օգտին ու կը փորձէր վերահսկել դատական գործընթացը։
Բացի այդ, նախագահն ու Արտաքին գործոց նախարարը հրապարակաւ ելոյթ ունեցած են այդ թեմայով, Միացեալ Նահանգներու դիւանագէտներն ալ հարցը ՄԱԿ–ի մէջ բարձրացուցած են։ Այնուհետեւ Միացեալ Նահանգները դիմած էր կրօնական առաջնորդներու աջակցութեան համար, պատժամիջոցներ սահմանած Իրանցի պաշտօնեաներու նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են պատանդ վերցնելու համար։ Ի վերջոյ այդ անձինք յայտնուեցան ազատութեան մէջ։
«Այս ամէնը խելամիտ եւ համաչափ էր Միացեալ Նահանգներու համար, սակայն ի զարմանս ինձ, Հայաստանը ատոնցմէ ոչ մէկը ըրած է Ատրպէյճանի մէջ հայ պատանդներու համար»,– գրած է Կենսըրը։