Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին օտարերկրեայ դեսպաններու հաւատարմագրերու յանձնման արարողութեան ժամանակ ընդգծած է, որ Հայաստանը Ռուսիոյ Դաշնութեան ամենամօտ բարեկամն ու ռազմավարական դաշնակիցն է, գրած է ԹԱՍՍ-ը։
«Օգտուելով առիթէն՝ կ'ուզեմ շնորհաւորել եղբայրական հայ ժողովուրդը եւ երկրի ղեկավարութիւնը վաղը նշուող Անկախութեան տօնի առթիւ: Այս տարի կը նշուի մէկանգամէն երկու նշանակալից տարեդարձ՝ մեր երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման երեսունամեակը եւ բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխօգնութեան հիմնարար պայմանագրի ստորագրման քսանհինգամեակը», -ըսած է Փութին:
Մոսկուան եւ Երեւանը կը շարունակեն աշխուժ քաղաքական երկխօսութիւն, աւելցուցած է Ռուսիոյ նախագահը։ Փութին յիշեցուցած է, որ միայն 2022 թուականին ինքը երեք անգամ հանդիպած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, այդ շարքին՝ վերջերս Վլատիվոսթոքի մէջ՝ Արեւելեան տնտեսական ֆորումի ժամանակ։