image

Հայաստանը պէտք չէ վանէ դաշնակիցները եւ խաղալիք դառնայ ուրիշի ձեռքը․ Ծառուկեան

Հայաստանը պէտք չէ վանէ դաշնակիցները եւ խաղալիք դառնայ ուրիշի ձեռքը․ Ծառուկեան

Հայաստանը իրմէ կը վանէ դաշնակիցները`անոնց հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու փոխարէն։ Այս մասին «Հայաստան-Արցախ» երիտասարդական միութեան կազմկոմիտէի հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ, գործարար Գագիկ Ծառուկեանը։

«Պէտք է լինի միասնութիւն, համագործակցութիւն, զարգացում։ Մենք փոքր պետութիւն ենք, բայց խելացի ենք, մենք պէտք է մեր երկրի շահին նայելով` մեր դաշնակիցներին ամրապնդենք, բայց փոխարէնը վանում ենք։ Մենք պէտք է խաղալիք չլինենք ուրիշ պետութիննների ձեռքին»,–ըսած է ան։

Ծառուկեանի կարծիքով` Հայաստանը պէտք է կամուրջ հանդիսանայ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ եւ բոլորի հետ «լաւ ըլլայ»։

Ծառուկեանը նաեւ կը կարծէ, որ երկրին մէջ քաղաքական համակարգը բարեփոխման եւ թարմացման կարիք ունի: Ըստ անոր` հին կուսակցութիւնները իրենց սպառած են ու անոնց վաղեմութեան ժամկէտն անցած է։ Ժողովուրդը կորսնցուցած է վստահութիւնը անոնց նկատմամբ եւ յոգնած է անոնցմէ։ «Բարգաւաճ Հայաստան»ի առաջնորդը համոզուած է, որ պէտք է վերջ դնել ներքին թշնամանքին ու դադրիլ մարդոց բաժնելէ հայաստանցիի, ղարաբաղցիի կամ կիւմրեցիի։