Մեր նախորդ յօդուածով ակնարկած էինք որ Հարաւային Կովկասը աշխարհաքաղաքական տարբեր ոյժային կեդրոններու շահերու բախման եւ մրցակցութեան օճախ դարձած է։ Ակներեւ է, որ Հայաստանի հասարակութիւնը բաժնուած է այս կամ այն միջազգային ոյժային կեդրոնի համակրողի եւ հակադրուողի ճամբարներու։ Ցաւալի է տեսնել, այսօր Հայաստանի փողոցներուն մէջ աշխարհաքաղաքական խնդիրներ եւ նպատակներ հետապնդող «Արցախի փրկութեան» համար «պայքարող» քաղաքացիներու բազմութիւն, որոնց առաջնորդները հաստատ գիտեն որ Արցախի հարցի լուծման բանալին ո՚ չ իշխանութեան եւ ո՚չ ալ ընդդիմութեան լիազօրութիւններու մէջն է։ Աւելին, 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով Արցախի տարածքի 75%-ը իրողապէս անցաւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ իսկ 25%-ը իրողապէս կը գտնուի Ռուսաստանի խաղաղապահ ոյժերու ներքոյ։
Ուրեմն, ո՞րն է այս քաղաքացիական անհնազանդութեան նպատակը։
Երկար ժամանակէ ի վեր Հայաստանի ժողովուրդին պարտադրուած է այն վախի սպառնալիքը թէ «Եթէ Ռուսաստան մեզ չպաշտպանէ, թուրքերը մեզ կը հոշոտեն», կամ «Ռուսաստա՞ն թէ Թուրքիա»։ Սա գիտակցաբար մեր ժողովուրդին մտածելակերպը սահմանափակելու եւ այլընտրանքային քաղաքականութիւն որդեգրելու ՝ որպէս ազատ եւ ինքնիշխան պետութիւն արտայայտուելու իրաւունքի խափանման միջոց է։ Մեր կարծիքով այս խնդրի էութիւնը կը կայանայ հետեւեալին մէջ. Ոչ թէ «Ռուսաստան կամ Թուրքիա» ընտրութիւն, այլ Ռուս-թուրքական թէ՞ Եւրո-ատլանտեան ընտրութիւն։ Պահ մը երեւակայեցէք, որ եթէ Հայաստան մտնէր Քոչարեանի առաջարկած Միութենական Պետութեան մէջ ՝ Ռուսաստանի, Պելոռուսիոյ եւ միջին ասիական խաւարամիտ եւ բռնապետական պետութիւններու հետ, ի՞նչ կ՚ըլլար Հայաստանի գոյավիճակը երբ ռուս-ուքրանիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստանը յայտնուէր Արեւմուտքի պատժամիջոցներու ներքոյ։
Այս բարդ իրավիճակէն դուրս գալու համար կարեւոր է միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ռազմավարական եւ մարտավարական ազգային- պետական քաղաքականութիւն, որ լաւագոյնս պիտի արտացոլէ մեր ազգի եւ պետականութեան շահերը։ Հետեւաբար կ՚ ուզենք ներկայացնել ներքոյիշեալ գործոնները ՝ որոնք պէտք է նկատի առնուին Հայաստանի ներկայի անորոշ եւ ապագայի համար կայուն զարգացման եւ ապահովական ծրագիրները կենսագործելու նախանձախնդրութեամբ։
Ա) Ներքաղաքական եւ արտաքին քաղաքական գործոններ։
---------------------------------------------------------------------
«Արտաքին քաղաքականութիւնը ներքին քաղաքականութեան շարունակութիւնն է»։ Ներքաղաքական այսօրուայ անկայուն վիճակին մէջ կան շահառուներ եւ ոչ-շահառուներ։ Բնականաբար շահառուներու շարքին են իշխանութիւնն ու «ընդդիմութիւնը»։ Ընդդիմութիւնը անուղղակիօրէն կ՚ ամրապնդէ իշխանութեան դիրքերը, այսինքն, իշխանութիւններուն համար նպաստաւոր է այսպիսի ընդդիմութեան մը գոյութիւնը որպէսզի արդարացնէ իր գոյութեան իմաստը ՝ ցոյց տալով իրեն ընտրած զանգւածին որ «տեսէք եթէ ինձ մերժէք, ճանապարհ կը բանաք նախկին թալանչի եւ փտած համակարգի վերադարձին»։ Իսկ ընդդիմութիւնն ալ շահառու է, հակառակ որ ներքաղաքական ճգնաժամի հանգոյցալուծման կամ Արցախի հարցով որեւէ քաղաքական ծրագիր կամ ռազմավարութեան օրակարգ չ՚ ունենալով, բռնազաւթած է ամբողջ ընդդիմադիր քաղաքական դաշտը։
Իսկ ոչ-շահառուները կը մնան ժողովուրդի այն զանգուածը ( 1 միլիոնէ աւելի) որոնք չմասնակցեցան վերջին արտահերթ ընտրութիւններուն, սակայն իրենց լռութեամբ շա ՜տ հաւանաբար շա ՜տ կարեւոր ըսելիք ունէին։
Կը հաւատանք որ այդ ընտրութիւններուն չմասնակցած զանգւածի մէջ կային քաղաքական հոսանքներ կամ հասարակական շարժումներ եւ անհատներ, որոնք կարող էին իսկապէս նոր քաղաքական որակ եւ բովանդակութիւն բերէին Հայաստանի թէ՚ պետական կառավարման եւ թէ՚ արտաքին քաղաքական ոլորտներուն մէջ։ Այլընտրանքային ընդդիմութիւն՝ որ համահունչ է դասական եւ կառուցողական ընդդիմութեան հասկացողութեան, այսօր աւելի քան երբեւէ հրամայական է։ Ընդդիմութիւն՝ որ նման է որեւէ զարգացած եւ քաղաքակիրթ պետութիւններու եւ ժողովուրդներու պարագային։ Ընդդիմութիւն, որ իր կառուցողական քննադատութեամբ եւ իշխանութեան սանձարցակ գործելաոճին որպէս հակակշռող գործօն երկրի կառավարման գործընթացները կը դնէ աւելի յուսալի եւ բարգաւաճ հեռանկարի առջեւ։
Գալով արտաքին քաղաքականութեան, պէտք է ըսել, որ վերջին մի քանի ամիսներուն Հայաստանի դիւանագիտութիւնը կրցած է «պատնէշներ կոտրել» եւ ներկայանալ միջազգային հանրութեան աւելի նախաձեռնողական եւ համարձակ։ Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ անվտանգութեան խորհուրդի տնօրէն Արմէն Գրիգորեանի Եւրոպա, ԱՄՆ եւ Հնդկաստան այցելութիւնները վառ օրինակներ են այդ նախաձեռնողականութեան։ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը երբեք պէտք չէ կորսնցնէ դիւանագիտական ճկունութիւնը եւ խուսանաւելու կարողութիւնը, եւ որ այդ երբեք պէտք չէ թարգմանել որպէս «դաւաճանել» կամ հակադրուիլ մեր ռազմավարական դաշնակիցին։
Բ) Աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական գործօններ։
----------------------------------------------------------------------------
Հայաստանի համար կարեւոր է, որ մերօրեայ աշխարհը ցնցող բարդ եւ անկանխատեսելի իրավիճակներուն մէջ, աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական լուրջ ծրագիրներու մէջ անմասն չմնայ։
Աշխարհաքաղաքական իմաստով, կարծէք Հարավային Կովկասի իրադարձութիւնները օրկանական կապ ունին Ուքրանիոյ պատերազմին հետ։ Հարավային Կովկասի ապագան ուղիղ համեմատական է թէ ի՞նչ ելք կրնայ ունենալ ռուս-ուքրանիական պատերազմը։ Որեւէ պարագային, Հայաստան պէտք է պահպանէ իր ինքնիշխանութիւնը, ազատ եւ անկաշկանդ արտաքին քաղաքականութիւն վարելու իր հնարաւորութիւնները, ինչ որ պայմաններու տակ չյայտնուելու համար հաւանական «երկաթէ վարագոյրի» միւս կողմը։ Այստեղ պէտք է նշել, որ վերը նշուած ռուս-թուրքական ծրագիրը որ իրագործուած էր Լենին-Աթաթուրք գործարքով 1921-ին, տակաւին կը մնայ Դամոկլեան սուրի նման Հայաստանի գլխուն։ Եւ բոլորովին պատահական պէտք չէ նկատել Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուի վերջերս ըրած յայտարարութիւնը «վերաձեւաւորելու» Հայաստան-Թուրքիա սահմանը, այսինքն Հայաստանին պարտադրել ճանաչել ներկայ սահմանը եւ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը։ Ու՞ր մնաց «առանց նախապայմաններու» բանակցութեանց տրամաբանութիւնը։ Հայաստանը որ ընտրած է ժողովրդավարական ուղղին, նաեւ պէտք է ընտրէ 21-րդ դարին համահունչ տնտեսական, արհեստագիտական զարգացման եւ առաջընթացի ուղղին, որ անկասկած բերելու է նաեւ հայոց ազգային բանակի արդիականացման եւ մարտունակութեան։ Հայաստանը չի կրնար մնալ իմաստազուրկ եւ ժամանակավրէպ ինչ որ ռազմա-քաղաքական եւ տնտեսական կառոյցներու մէջ, որտեղ գերակշռող են բռնապետական եւ խաւարամիտ վարչաձեւեր, հետեւաբար սա նաեւ քաղաքակրթութեան համար մղուող տեսլական է, որտեղ մեր ժողովուրդին համար աւելի հոգեհարազատ եւ մեր հաւաքական նկարագիրին համահունչ է եւրոպական արժէքները, ժողովրդավարական սկզբունքներու կիռարումը պետական կառավարման մէջ, քաղաքացիական հասարակութեան անխափան աշխատանքը, եւայլն։
Նուազ կաեւոր չէ նաեւ Հայաստանի դերը տարածքաշրջանի մէջ, ներկայ աշխարհատնտեսական շահերու բախման իմաստով։ Այսօր Զանգեզուրը դարձած է այդ շահերու մրցակցութեան կամ բախման խաչմերուկը։ Արդէն յայտնի են աշխարհատնտեսական երկու մեծագոյն ծրագիրներ, առաջինը՝ Չինաստանի առաջարկած «մէկ ճանապահ, մէկ գօտի» ծրագիրը իսկ երկրորդը՝ Հնդկաստանի «հիւսիս-հարաւ» ծրագիրը։ Այս երկու ծրագիրներու իրականացման ճանապարհին Հայաստանի համար Զանգեզուրը կը դառնայ կենսական եւ ռազմավարական նշանակութեան գործոն։
Չինաստանի առաջարկած ծրագիրը, որու նպատակն է երկաթգիծի եւ ճանապարհային հաղորդակցութիւն Չինաստանէն Եւրոպա, նեռարելով Միջին Ասիա-Փաքիստան-Աֆղանիստան-Ատրպէյճան՝ ենթադրեալ «Զանգեզուրի» միջանցքով Նախիջեւանէն դեպի Թուրքիա եւ Եւրոպա։ Այս ծրագիրը նախատեսուած է շրջանցել Հայաստանը եւ զայն մեկուսացնել Իրանէն, որ երբեք չի բխիր Հայաստանի եւ Իրանի շահերէն։ Այս իմաստով, բոլորովին պատահական չէ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի բազմիցս կրկնուող եւ հետապնդող այն միտքը որ «Զանգեզուրը ատրպէյճանական հող է»։
Հնդկական ծրագիրի նպատակն է Հնդկաստան-Պարսից Ծոց-Իրան-Հայաստան-Վրաստան-Սեւ Ծով- Եւրոպա ծովային, ճանապարհային հաղորդակցութիւն։ Պատահական չէր նաեւ վերջերս Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարի այցելութիւնը Երեւան։ Բնականաբար այս ծրագիրը տնտեսական-ռազմավարական նաեւ քաղաքական եւ ապահովական նկատառումներով անհամեմատ աւելի նպաստաւոր եւ շահաւէտ է Հայաստանի համար, առանց մեկուսացնելու Հայաստանը Իրանէն։
Աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական վերոնշեալ գործընթացները ի ցոյց կու տան, որ Հայաստան ոչ հեռու ապագային կրնայ յայտնուիլ ճակատագրական երկընտրանքի առաջ։ Հետեւաբար, մեր դիւանագիտութենէն կ՚ ակնկալուի շարունակել հաւասարակշռուած, զուսպ եւ ճկուն նախաձեռնողականութիւնը բոլոր գոծընկերներու, միջազգային ոյժային կեդրոններու հետ, հետապնդելով Հայաստանի տնտեսական-արհեստագիտական զարգացման, ինքնիշխանութեան եւ միջազգային հեղինակութեան ուղղին։
Գէորգ Հալէպլեան
«Պայքար»