image

Հայաստանն ու Թուրքիան պիտի քննարկեն Գիւմրի-Կարս երկաթգիծի վերագործարկումը

Հայաստանն ու Թուրքիան պիտի քննարկեն Գիւմրի-Կարս երկաթգիծի վերագործարկումը

Մօտ ապագային Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տեղի պիտի ունենայ միջգերատեսչական հանդիպում՝ Գիւմրի-Կարս երկաթգիծի վերականգնման ու վերագործարկման շուրջ։

Այս մասին Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին յայտարարած է Ազգային Ժողովի փոխնախագահ, հայկական կողմի բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանը։

Ան նշած է, որ հանդիպումը գործնական բնոյթ պիտի կրէ, իսկ վայրը պարզ պիտի ըլլայ առաջիկային։