image

Հայաստանն ու Իտալիան քննարկած են ռազմական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր

Հայաստանն ու Իտալիան քննարկած են ռազմական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր

Պաշտօնական այցով ապրիլ 23-25-ը Իտալիա գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Բրուտեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան սպառազինութեան ազգային տնօրէն եւ պաշտպանութեան գլխաւոր քարտուղար, զօրավար Լուչիանօ Փորթոլանոյի եւ այլ պաշտօնեաներու հետ:

Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Իտալիա ռազմական, ռազմաարհեստագիտական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր, ձեռք բերուած են շարք մը պայմանաւորուածութիւններ: