Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Անգարայի մէջ ներկայ գտնուած է Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի՝ պաշտօնի ստանձնման արարողութեան:
Նախագահական համալիրին մէջ վարչապետ Փաշինեանը դիմաւորուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի կողմէ:
Միջոցառման ներկայ գտնուած են նաեւ այլ երկիրներու ղեկավարներ ու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ:

