image

Հայաստանի մէջ. Ծխախոտի պատճառով իւրաքանչիւր տարի կը մահանայ 5500 մարդ

Հայաստանի մէջ. Ծխախոտի  պատճառով  իւրաքանչիւր տարի  կը  մահանայ 5500 մարդ

Հայաստանի մէջ իրականացուած հետազօտութիւններու տուեալներուն համաձայն` 16 տարեկանէն բարձր բնակչութեան 27,9%-ը կը ծխէ: Ծխողներու գերակշիռ մասը տղամարդիկ են (տղամարդոց 51,5%-ը, կանանց` 1,8%-ը), դեռահասներու շրջանին մէջ` կեանքի մէջ երբեւէ ծխախոտ օգտագործած են 15 տարեկան տղաներուն 21%-ը եւ աղջիկներուն 3%-ը: Հայաստանի մէջ ամէն տարի ծխախոտով պայմանաւորուած հիւանդութիւններէն կը մահանայ աւելի քան 5500 բնակիչ: Մայիս 31-ին` առանց ծխախոտի համաշխարհային օրուան առթիւ նման վիճակագրութիւն հրապարակած է ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութիւնը:

Առողջապահական գերատեսչութիւնը կը նշէ, որ ծխախոտը հանրային առողջութեան լուրջ սպառնալիքներէն է: Ամէն տարի աւելի քան 8 միլիոն մարդ կը մահանայ ծխախոտի օգտագործման հետեւանքով: Անոնցմէ աւելի քան 7 միլիոնը ծխախոտ օգտագործողներ եւ նախկին օգտագործողներ են, իսկ աւելի քան 1,2 միլիոնը` չծխողներ, որոնք կ'ենթարկուին երկրորդային ծուխի ազդեցութեան:

«Ծխախոտային արտադրատեսակների եւ դրանց փոխարինիչների բոլոր տեսակները վնասակար են առողջութեան համար, չկայ դրանց անվնաս չափաբաժին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախարարութիւնը կը յիշեցնէ նաեւ, որ 2020-ի Փետրուար 13-ին ընդունուած է հակածխախոտային օրէնքը, որով նախատեսուած սահմանափակումները կը տարածուին ծխախոտային բոլոր արտադրատեսակներու եւ անոնց փոխարինիչներուն վրայ:

Օրէնքին համաձայն` կ'արգիլուին ծխախոտի օգտագործումը բոլոր փակ եւ որոշ բաց հանրային վայրերու մէջ, գովազդի, իրացման (վաճառքի) խթանման եւ հովանաւորութեան բոլոր ձեւերը․ «Օրէնքը միտուած է ներկայ եւ ապագայ սերունդներին պաշտպանելու առողջութեան վրայ ծխախոտային արտադրատեսակների օգտագործմամբ պայմանաւորուած բացասական ազդեցութիւնից, ինչպէս նաեւ բնակչութեան ընկալումներում ծխախոտային արտադրատեսակների, դրանց փոխարինիչների օգտագործումը` որպէս անառողջ եւ մերժելի վարքագիծ արմատաւորելը»: