Հայաստանի մէջ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Դոկտ. Նորա Արիսեանը աշխոյժ կերպով կը շարունակէ իր ծանօթացման շփումները ունենալ մասնաւորապէս Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով հայրենադարձած մեր հայրենակիցներուն հետ։ Այս ծիրէն ներս տիկին Արիսեան օրերս այցելութիւն տուած է «Հալէպ» հայրենակցական միութիւն եւ հանդիպում ունեցած է անդամուհիներուն հետ։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ միութեան կողմէ ներկայացուած կարճ լրատւութիւնը, մեր ընթերցողներուն յիշեցնելով, որ մասնաւորապէս Տիկին Անի Պըլխեանի բարերար ճիգերուն ճամբով հիմնուած այս կազմակերպութիւնը մեծ եւ կարեւոր նեցուկ ցոյց տուած է մեր հայրենակիցներուն մասնաւորապէս Սուրիան եւ Հալէպը դարպասող պատերազմի ամենածանր փուլերուն։
9 Դեկտեմբեր, 2022-ին, «Հալէպ» Հայրենակցական Բարեսիրական Հասարակական Կազմակերպութիւնը իր այցով պատուեց Հայաստանի մէջ, Սուրիոյ դեսպան՝ դոկտոր Նորա Արիսեանը, «սոցիալ հոգեբանական աջակցութիւն սուրիահայերուն» խմբակի հերթական հաւաք-ժողովի ընթացքին։
Կազմակերպութեան Տիկնանց յանձնախումբի անդամ՝ Տ․ Մայտա Չաւուշեանը ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ եւ ներկայացուց պատուարժան հիւրին բեղուն կենսագրականը։ Իսկ ընկերուհի Ժենի Քուճեմեան-Պերթիզլեանը, իր կարգին, ներկայացուց «Հալէպ» ՀԲՀԿ-ի ծրագիրները հիմնադրման օրէն ի վեր, շեշտը դնելով «սոցիալ հոգեբանական աջակցութիւն սուրիահայերու» ծրագրին, որ մինչ օրս կը շարունակէ գործել։

Հայաստանի մէջ, Սուրիոյ նորանշանակ դեսպանը իր խօսքը սկսաւ գնահատելով «Հալէպ» կազմակերպութեան անդամները, անոնց տարած աշխատանքներն ու սուրիահայ հոգին, որ դիմադրելով ծանր օրերը, կը շարունակեն գեղեցիկ աչքերով նայիլ ապագային եւ պահպանել ազգային արժէքները։ Դոկտոր Արիսեանը գնահատեց ներկաները եւս, ամենադժուար օրերուն, ընտանիք կազմելու, պահելու, զաւակներ դաստիարակելու եւ գործունեայ անդամներ ըլլալու համար։ Պատուարժան դեսպանը խօսեցաւ Սուրիան եւ Հայաստանը իրար կապող ամուր յարաբերութիւններուն մասին եւ մատնանշեց, որ Հայաստանը միակ տեղն է, ուր սուրիահայը կրնայ պահել իր ազգային արժէքները։ Յիշեցնելով նաեւ, թէ ինչպէս Հայաստանը թիկունք կանգնելով Սուրիոյ, մատուցած է՝ մարդասիրական, բժշկական եւ այլ օժանդակութիւններ։ Տիկին դեսպանը ներկաներուն փոխանցեց Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները, շեշտելով մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործընթացը, որ անպայման պէտք է անցնի Հալէպ քաղաքէն։ Ան նշեց, որ աշխատանքներ կը տարուին Հալէպի փակ շուկան վերադարձնել իր նախկին տեսքին, ինչպէս նաեւ տեղեկացուց, թէ երաժշտական ուտ գործիքն ու հալէպեան մեղեդիները (քուտուտ հալապիէ)-ն գրանցուած են ԵՈՒՆԵՍՔՈ-ի ոչ նիւթական արժէքներու գիրքին մէջ։
Խօսքի աւարտին Դոկտոր Արիսեանը կրկին ողջունելով ներկաները, ապագայ հանդիպումներու եւ համագործակցութեան խոստումներ տուաւ։
«Հալէպ» ՀԲՀԿ-ի նախագահ՝ Տ․ Անի Պալխեան շնորհակալութիւն յայտնելով մեծարգոյ դեսպանին, իր կատարած այցին համար, կազմակերպութեան կողմէ փոքր յուշանուէրով մը պատուեց հիւրին։

Նշենք, որ «Սոցիալ հոգեբանական աջակցութիւն սուրիահայերուն» խմբակի հիւրասիրութիւնը, տրամադրուած էր՝ կազմակերպութեան գործադիր մարմնի անդամ եւ մշտական բարերար Տ․ Մարալ Գարագաշեանի կողմէ։
Առ ի յիշեցում, «Հալէպ» ՀԲՀԿ-ի «Սոցիալ-հոգեբանական աջակցութիւն սիրիահայերուն» ծրագիրը կը կազմակերպուի անվճար: Հանդիպումներու նպատակն է օժանդակել սուրիական հակամարտութեան մէջէն անցած եւ ծանր հոգեբանական դրութեան մէջ յայտնուած անձերու վերականգնման գործընթացին եւ նպաստելու իրենց ներգրաւումը հայաստանեան քաղաքացիական կեանքին մէջ: Սոյն հաւաք-հանդիպումի ընթացքին կը հրաւիրուին դասախօսներ, որոնք իրենց գիտելիքները և փորձառութիւնները կը փոխանցեն ներկաներուն:
