Շնորհակալութիւն յարգելի Վահան Կոստանեան, յարգելի Ռուբէն Ռուբինեան, ձեր բարի ջանքերուն համար, որոնք այս ամէնը հնարաւոր դարձուցին: Այս մասին թուիթըրեան իր օգտահաշուին գրած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ծիրէն ներս Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչը:
«Ես միշտ կը յիշեմ հայաստանցիներու կողմէ ուղարկուած առատաձեռն օգնութիւնը՝ օգնելու մեղմել մեր ժողովուրդի տառապանքները Թուրքիոյ երկրաշարժէն տուժած շրջաններուն մէջ»,- գրած է ան:
Աւելի ուշ Քըլըչ եւս գրառում մը կատարած է ՀՀ-էն ստացուած օգնութեան վերաբերեալ.
«Բացի 28 հոգինոց խումբէն եւ տեխնիկական սարքաւորումներէն, երկրաշարժէն անմիջապէս յետոյ հայ ժողովուրդը 100 թոն պարէնամթերք, դեղորայք, ջուր եւ շտապ օգնութեան այլ փաթեթներ ուղարկած է 5 բեռնատարներով, որոնք մեկնած են Ատըեաման՝ անցնելով Ալիճանի սահմանային դարպասով։
Շնորհակալութիւն Ռուբէն Ռուբինեան, շնորհակալութիւն Հայաստան»,- գրած է Քըլըչ: