image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի կառավարութիւնը միշտ եղած է ու կը մնայ Արցախի կողքին. Փաշինեան

Հայաստանի կառավարութիւնը միշտ եղած է ու կը մնայ Արցախի կողքին. Փաշինեան

2021-2022 թուականներու Արցախի պիւտճէն հասած է աննախադէպ մեծութեան, ՀՀ կառավարութեան պիւտճէտային աջակցութիւնը Արցախին հասած է աննախադէպ մեծութեան. Հայաստանի կառավարութիւնը եղած է, է ու պիտի ըլլայ Արցախի կողքին: Այս մասին ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն Աժ-ի մէջ 2021 թուականին պետական պիւտճի կատարման տարեկան հաշուետուութեան քննարկմանն իր եզրափակիչ ելոյթին մէջ:

Վարչապետը նախ նշեց, որ 2021 թուականի ամբողջ ընթացքին ծայրայեղ ընդդիմութիւնը երկու հիմնական թեզ զարգացուցած է, որ կառավարութիւնը միայնակ թողած է Արցախին եւ երկրորդը` պահանջած են որդեգրել «Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ» բանաձեւը` փորձելով հիմնաւորել, որ սա եղած է իրենց իշխանավարութեան տարիներուն իրենց կողմէ իրականացուող քաղաքականութիւնը, եւ եթէ այսօրուան իշխանութիւնը սա չի որդեգրեր, ուրեմն դաւաճանութիւն կը գործէ Արցախի հարցով:

Ըստ անոր` առաջին թեզը կը հերքուի պիւտճէտային ցուցանիշներով: «2021-2022 թթ Արցախի պիւտճէն հասել է աննախադէպ մեծութեան, եւ ՀՀ կառավարութեան պիւտճէտային աջակցութիւնն Արցախին հասել է աննախադէպ մեծութեան: 2019-ին Արցախի պիւտճէն կազմել է 117.9 միլիառ դրամի, որն ամենաբարձրն է եղել մինչպատերազմական ողջ շրջանում, այսինքն 90-ականներից սկսած: Այս գումարից 57.8 միլիառ դրամը Հայաստանի կառավարութիւնն է վճարել: 2021-ին արդէն Արցախի պիւտճէի եկամտային մասը եղել է 174 միլիառ դրամ, որից 128 միլիառ դրամը ՀՀ վճարած գումարն է: Այսինքն` յետպատերազմական շրջանում Արցախի պիւտճէն պատմական ամենաբարձրն է եղել, Արցախը երբեք աւելի մեծ պիւտճէ չի ունեցել, եւ ՀՀ-ն երբեք աւելի մեծ ծաւալով Արցախին աջակցութիւն չի ցուցաբերել: Այսինքն` ՀՀ աջակցութիւնն Արցախին 2021 թուականին աճել է 122 տոկոս` 2019-ի համեմատ կամ 70 միլիառ դրամով: Իսկ Արցախի պիւտճէն ընդհանուր առմամբ աճել է 48 տոկոսով կամ 45 միլիլառ դրամով», ըսաւ Փաշինեանը:

Փաշինեան ընդգծեց, որ ՀՀ կառավարութիւնը այս ամէնը առանձնապէս չէ «թմբկահարած». «Եւ կարծում եմ` ճիշդ ենք արել, քանի որ դա մեր աշխատանքն է: Եւ ՀՀ կառավարութիւնը եղել է, կայ ու կը լինի Արցախի կողքին, ինչքան էլ որոշ շրջանակներ չնկատեն դա կամ էլ փորձեն Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ հակասութիւններ սերմանել», ըսաւ վարչապետը: