ՀՀ հետ սահմանը Իրանի համար ամենակարճ ու որակական առումով ամենալաւ սահմանն է։ «Նոր իրողութիւններ եւ խաղաղութեան խաչմերուկ» փորձագիտական համաժողովի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ–ի մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանին։
«Այս սահմանը միշտ եղած է խաղաղութեան եւ բարեկամութեան սահման։ Երկու երկիրները երբեւիցէ իրար չեն սպառնացած եւ միշտ հնարաւորութիւններ ընձեռած են իրար համար։ Մեր համագործակցութիւնը բազմազան ուղղութիւններով զարգացած է։ Փոխադարձ առեւտրաշրջանառութիւնը բազմապատկուած է` հասնելով 1 միլիառ տոլարի»,– ընդգծած է դեսպանը։
Ան յիշեցուցած է, որ ՀՀ–ն եւ Իրանը փոխադարձ շահաւէտ պայմանագիրներ ունին յատկապէս ենթակառուցուածքներու զարգացման բնագաւառին մէջ։
«Մենք հիմա կը փորձենք ուսումնասիրել թաքնուած այն ներուժը, որ կը նպաստէ երկու երկիրներու յարաբերութիւներու աճին։ Կասկած չկայ, որ տարանցիկ ենթակառուցուածքի զարգացումը եւ հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը կը նպաստէ տնտեսութեան ճիւղերու եւ առեւտուրի զարգացման, ինչպէս նաեւ` ժողովուրդներու միջեւ շփումներու ընդլայնման։ Ատոնք նաեւ ճանապարհ կը հարթեն տարածաշրջանային մասնակցութեան համար»,– նշած է Մեհտի Սոպհանին։
Ան կոչ ըրած է՝ յենելով անցեալի վրայ` մտածել նոր ուղիներու մասին։