Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահութեան տարեկան մրցանակաբաշխութեան մրցանակներ տրուած են այն հեղինակներուն, որոնք հետաքրքիր եւ արժէքաւոր գիրքեր հրատարակած են 2024 թուականին:
Դ. Դեմիրճեանի անուան մրցանակները (արձակ) տրուած են Ալիս Յովհաննիսեանին՝ «Աղանդերի դարը եւ յետոն» եւ Շանթ Մկրտչեանին՝ «Տունը երազի ափին» գիրքերուն համար:
Աւետիք Իսահակեանի անուան մրցանակները (բանաստեղծութիւն) տրուած են Գոհար Գալստեանին՝ «Բառ ընդ ժամանակս» եւ Գագիկ Սարոյեանին՝ «Այլ» գիրքերուն համար:
Միքայէլ Նալպանտեանի անուան մրցանակները (հրապարակագրութիւն) շնորհուած են Գագիկ Դաւթեանին՝ «Իմ Սեւակը» եւ Տիգրան Նիկողոսեանին՝ «Կեանքը բաց նամակներում» գիրքերուն համար:
Յովհաննէս Մասեհեանի անուան մրցանակը (թարգմանական գրականութիւն) ստացած է Գրիգոր Ջանիկեանը՝ երեք թարգմանական գիրքերուն համար:
Նիկոլ Աղբալեանի անուան մրցանակը (գրականագիտութիւն, գրաքննադատութիւն) յանձնուած է Մանասէին՝ «Թեւածող անթարգմանելին» գիրքին համար:
Վախթանգ Անանեանի անուան մրցանակը (մանկական գրականութիւն) տրուած է Նանէին՝ «Թեւթեւիկը» գիրքին համար։
Յովհաննէս Թումանեանի անուան մրցանակը տրուած է Աելիտա Դոլուխանեանին, Վազգէն Սարգսեանի անուան Հայաստանի Գրողներու Միութեան (ՀԳՄ) եւ Երկրապահ կամաւորականներու միութեան (ԵԿՄ) մրցանակը՝ Ռոպերթ Եսայեանին, Եղիշէ Չարենցի անուան Ծաղկաձորի ստեղծագործական տան մրցանակները յանձնուած են Յակոբ Մովսէսին «Գրառումներ 4» եւ Արմենուհի Սիսեանին «Մեղեդին չի աւարտւում» գիրքերուն համար, Աւետիք Իսահակեանի անուան Սեւանի ստեղծագործական տան «Վարպետ» անուամբ մրցանակը տրուած է Էդուարդ Միլիտոնեանին Աւ. Իսահակեանին նուիրուած շարք, «Պատմութեան շախմատ» եւ «Ամենալաւ նուէրը» գիրքերուն համար (առանց մրցանակային գումարի):
Համահայկական գրական հիմնադրամի մրցանակին արժանացած է Մհեր Իսրայէլեան «Երեք Ա-ի ինքնամոռաց արշաւանքը» գիրքին համար։
Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահութիւնը շնորհակալութիւն յայտնած է հովանաւորներուն՝ Նաթելլա Լալաբեկեանին, Երկրապահ կամաւորականներու միութեան (ԵԿՄ), «Լոռի» հայրենակցական միութեան, Սերգօ Երիցեանի ընտանիքին։