image

Հայաստանի նախագահն ու Իրանի փոխնախագահը քննարկած են Հիւսիս-Հարաւի շինարարութեան ընթացքը

Հայաստանի նախագահն ու Իրանի փոխնախագահը քննարկած են Հիւսիս-Հարաւի շինարարութեան ընթացքը

Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը եւ Իրանի փոխնախագահ Մոհամմատ Ռեզա Արեֆը քննարկած են Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհային միջանցքի Մեղրի-Քաջարան հատուածին մէջ իրանեան կազմակերպութեան կողմէ իրականացուող աշխատանքները՝ կարեւորելով ատոնց նշանակութիւնը տարածաշրջանային կապուղիներու զարգացման գործին մէջ։ Այս մասին յայտնած են նախագահի աշխատակազմէն։

Հայաստանի նախագահն ու Իրանի փոխնախագահը հանդիպած են Թուրքմենստանի Թուրքմենբաշի քաղաքին մէջ՝ «Դէպի ծով ելք չունեցող երկիրներու երրորդ համաժողովի» շրջածիրէն ներս։

Կողմերն անդրադարձած են տնտեսութեան, ուժանիւթի, ենթակառուցուածքներու, բարձր արհեստագիտութիւններու եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարներուն։

Խաչատուրեանն ու Մոհամմատ Ռեզա Արեֆը միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային ընդհանուր իրավիճակի եւ զարգացումներու շուրջ՝ ընդգծելով բարիդրացիութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ խաղաղ համագոյակցութեան սկզբունքներու ամրագրումը որպէս կայունութեան եւ զարգացման հիմք ողջ տարածաշրջանի համար։